Աշխարհահռչակ «System of a Down» ռոք խումբը 600 հազար տոլար հաւաքած է Արցախի համար:
Այս մասին «Թուիթերի» իր էջին մէջ յայտնած է խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան` տեղադրելով Rolling Stone-ի հրապարակումը այդ մասին:
Խումբը 15 տարուան դադարէն վերջ վերջերս երկու նոր երգ հրապարակած էր` «Protect The Land» եւ «Genocidal Humanoidz» խորագիրերով` մարդասիրական ճգնաժամի, Արցախի մէջ Ատրպէյճանի վայրագրութիւններուն մասին իրազեկուածութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով: Այսպիսով, խումբը հասոյթը ուղղած է Արցախին աջակցելուն:
«Մենք երախտապարտ ենք Արցախի ժողովուրդին համար մեր արշաւին ձեր անհաւատալի աջակցութեան, մեզ օգնելու համար, որ 600 հազար տոլար նուիրաբերենք Հայաստան համահայկական հիմնադրամին: Ձեր շնորհիւ մենք պիտի կարենանք օգնել տեղահանուած երիտասարդ եւ ծեր քաղաքացիական անձերուն, որոնք տուժած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատերազմական սարսափելի յանցագործութիւններէն», նշուած է խումբի խօսքին մէջ: