«Էրմէնիհապեր».-Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ լը Տրիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրդողանին կոչ ուղղած է իրական քայլեր ձեռնարկելու շարք մը տարածաշրջաններու մէջ  կայունութիւն հաստատելու համար:
«Մենք շատ հակասութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ: Էրտողանի վերջին 2-3 օրերուն միայն հաշտարար յայտարարութիւնները բաւարար չեն, մեզի պէտք են իրական քայլեր», ըսած է Տրիան` աւելցնելով,  որ կան շարք մը պարզ քայլեր, որոնք Էրտողան պիտի ձեռնարկէ միջերկրածովեան տարածաշրջանին, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին եւ Լիպիոյ մէջ:
Ան Թուրքիան մեղադրած է ծաւալապաշտական գործողութիւններ իրականացնելու մէջ` մատնաշնելով Միջերկրական ծովուն եւ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարաձութիւնները:
«Թուրքիան յարձակում իրականացուցած է երկու երկրի դէմ», շեշտած է Ֆրանսայի ԱԳն-ի ղեկավարը: