«Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրներով Արայիկ Յարութիւնեան դադրած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան,մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնէն, իսկ Վահրամ Թումանեան նշանակուած է այդ պաշտօնին:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասին.
Արայիկ Յարութիւնեան դադրած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնէն», ըսուած է Արայիկ Յարութիւնեանին` պաշտօնէն դադրեցնելու հրամանագիրին մէջ:
ՀՀ նախագահի` Վահրամ Թումանեանին ՀՀ ԿԳՄՍՆ նախարար նշանակելու հրամանագիրին մէջ ըսուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Վահրամ Թումանեան նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար»: