ՀՅԴ անդամներ Գեղամ Մանուկեանն ու Գարիկ Աւետիսեանը գիշերած են կառավարութեան շէնքին մօտ: Անոնց յայտարարած հացադուլը անժամկէտ է` մինչեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարական տալը:
Գեղամ Մանուկեան շեշտած է, որ հացադուլը ոչ թէ վերջին յուսահատ քայլն է, այլ պայքարի տեսակ մը , որ ընտրած է ինքն ու պատերազմի առաջին օրէն դաշնակցական կամաւորներու հետ առաջնագիծ մեկնած Գարիկ Աւետիսեան:
Մանուկեանի պնդումով` վարչապետը կը շարունակէ կառչած մնալ իր աթոռին եւ պատրաստ է զոհաբերել բոլորը, միայն թէ շարունակէ մնալ կառավարութեան մէջ: