Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2020-ին, Հալէպի մէջ «Մայատին» պատկերասփիւռային կայանի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հալէպի հարաւային Ռաշիտին շրջանին մէջ կայք հաստատած թրքական ուժերը իրենց հսկողութեան կեդրոնները սկսան քայքայել, շրջանէն ամբողջովին քաշուելու միտումով։
Այլ առիթով, թղթակիցը յայտնեց, որ Հալէպի արեւելեան արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Պապ քաղաքին մէջ ականապատուած ինքնաշարժ մը պայթեցուցին։