Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ արցախեան գոյապայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակին։
Յետ եկեղեցական արարողութեան, ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան «Արարատ» սրահ, ուր Լաթաքիոյ ազգայիններէն Աւետիս Կարպուշեան ընթերցեց արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին նահատակուած սուրիահայ կամաւոր հերոսներուն՝ Յարոթ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի դամբանականը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ո՞ւր են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան դատարանները: Ե՞րբ պիտի շարժին այս անարդարութիւնը դադրեցնելու համար։ Դատապարտութիւններ հրապարակելը բաւարար չէ, մենք լսած եւ տեսած ենք այսպիսի արտայայտութիւններ, ժամանակն է խօսքէն գործի անցնելու։ Այսօր, այս սրահէն, մեր բոլորին կողմէ կոչ կ՛ուղղենք ըսելով՝ ձեր լռութիւնը պատճառ կը դառնայ ցեղասպանութիւններու շարունակութեան, եթէ ցեղասպան թուրքը դատուեր 1915-ին, այսօր համարձակութիւն չէր ունենար նորը գործելու։ Հետեւաբար ամբողջ աշխարհը մեղսակից կը համարենք՝ իր անտարբեր վարմուքին համար։ Իրաւացի էր հայոց մեծ բանաստեծը եւ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած Սիամանթօն երբ ըսաւ. «Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակտին»»։
Ապա Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան իր սրտի խօսքը արտասանեց ըսելով. «Մեր հերոսները ի զուր չինկան, անոնք ըստ Աստուածաշունչին ինկան իբրեւ սերմնահատիկ, որպէսզի ծլին ու ծաղկին նոր սերունդներ, նոր յոյսեր եւ նոր ապագայ։ Անոնք հայոց երկնակամարին վրայ եղան մէկական փայլող աստղեր։ Այսօր հայ ժողովուրդը կը գտնուի գողգոթայի բարձունքին, բայց գիտենք, որ գողգոթայէն ետք կայ Յարութիւն եւ Յարութեան արշալոյս»։
Աւարտին քհնյ. հայրը «Հոգւոց» աղօթքով եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հաւաքը։