Իշխող` «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նիստին ընթացքին երթով ՔՊ կեդրոնական գրասենեակ եկան ՀՅԴ անդամները եւ ՔՊ անդամներուն կոչ ուղղեցին միանալու Արցախը յանձնելու դաւադիր պայմանագիրին դէմ բողոքող քաղաքացիներուն:
«Կոչ ուղղած ենք կատարելու ձեր քայլը եւ գալու, միանալու բողոքող ժողովուրդին: Կա՛մ կանգնած էք պետականութեան կողքին, կա՛մ դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանի կողքին: Արդէն փաստ է, որ Նիկոլ Փաշինեան այդ խայտառակ պայմանագիրով դաւաճանեց ամբողջ ժողովուրդին: Դուք տակաւին ժամանակ ունիք, առէ՛ք ձեր քայլը` միացէք ժողովուրդին: Դուք տակաւին ժամանակ ունիք ձեր վրայէն հանելու դաւաճանի խարանը», բարձրախօսով յայտարարեց բողոքող քաղաքացիներէն մէկը:
ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան լրագրողներու հետ զրոյցին պարզաբանեց, որ ՔՊ կեդրոնական գրասենեակի առջեւն են յստակ պահանջով` ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է այս իրավիճակին կողմնորոշուի` արդեօ՞ք կանգնած է դաւադիր իշխանութեան, թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին:
«Առաւել եւս պարտաւոր են ընել քաղաքական խումբերը եւ իշխող ուժը, որ քննարկում կատարած է հիմա եւ որեւէ ազդանշան չէ տուած հասարակութեան, որ ինքը կը հասկնայ իր սխալները, գիտակցած է` ինչ կատարուած է եւ պատրաստ է այս ճգնաժամը յաղթահարելու », ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան:
Ան վստահեցուց, որ իւրաքանչիւրը, որ կանգնած է Նիկոլ Փաշինեանի կողքին, դէմ կանգնած է Հայաստանի Հանարպետութեան շահերուն եւ կը գործէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան շահերով:
«Նիկո՛լ, դաւաճան», վանկարկեցին ցուցարարները:
Անոնցմէ աղջիկ մը ՔՊ-ի շէնքին դիմաց մայթին ներկով գրած էր. «Դուք կը ծառայէք Ատրպէյճանին»: Ոստիկանները եկան, վերցուցին ներկը եւ բերման ենթարկեցին երիտասարդ աղջիկը եւ մէկ այլ երիտասարդ մը:
Ոստիկաններէն մէկը դիմելով հաւաքուածներուն, ըսաւ, որ հաւաքները արգիլուած են. «Ձեզ ժամանակ տրուած է հաւաքի վայրը լքելու, այլապէս ստիպուած պիտի ըլլանք բերման ենթարկել»:
Երիտասարդները ձգեցին իրենց պաստառները ՔՊ-ի դիմաց ու ցոյցը աւարտած համարելով հեռացան: