«Երկիր Մետիա».- ԽՍՀՄ սահմաններով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը կ’անցնի Կապանի օդանակայանի մօտէն, բայց օդանակայանը կը մնայ հայկական տարածքին մէջ: Այս մասին հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին յայտնած է Սիւնիքի մարզկեդրոնի՝ Կապանի համայնքապետ Գէորգ Պարսեան:
9 Նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան իրագործման շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած են նոր սահմաններ: