Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ժընեւի մէջ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող փոքրացած յանձնախումբի խորհրդաժողովներու առաջին նիստը տեղի ունեցաւ:
Սուրիական Ազգային պատուիրակութեան անդամները կոչ ուղղեցին սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը չքաղաքականացնել տնտեսական կամ քաղաքական շահեր ձեռքբերելու նպատակով եւ տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը չխոչընդոտել:
Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ Սուրիան տարբեր միջոցներու կը դիմէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համար, հակառակ հակասուրիական պետութիւններու տեղահանուածներուն տունդարձը խոչընդոտելու այլազան փորձերուն: