Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Մայատին» պատկերասփիւռային կայանի թղթակիցը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը սկսան քաշուիլ Հալէպի հարաւ-արտեւմտեան Ռաշիտին շրջանին մէջ իրենց հսկողութեան կեդրոնէն։ Սուրիոյ մէջ «Մայատին»ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ռաշիտինի մէջ թրքական կեդրոնը վեցերորդ ամենամեծ զինուորական կեդրոնն է, որմէ Թուրքիան կը քաշուի դէպի հիւսիս։