Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Իրաւական Յանձնախումբը կոչ մը յղած է, դատապարտելով Արարատ մարզի համայնքապետներուն ձերբակալութիւնը ոստիկանութեան կողմէ, զայն համարելով հակասահմանադրական քայլ:
Կոչին մէջ առաւելաբար ըսուած է.
«Համացանցի մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են , որ Ոստիկանութեան Արարատի բաժին բերման ենթարկուած են Արարատի մարզի այն համայնքապետները, որոնք իրենց արդար բողոքի ձայնը բարձրացնելով միացած են վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձին հրաժարականին համազգային պահանջին:
Եթէ մամուլի մէջ տարածուած տեղեկատուութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան, ապա տեղի ունեցածը այս իշխանութեան կողմէն կազմակերպուած հերթական քաղաքական հետապնդում է, որ ոչ միայն անընդունելի է, այլեւ կը համարուի քրէօրէն հետապնդելի եւ պատժելի արարք:
Խստօրէն կը դատապարտենք նմանատիպ ապօրինութեան որեւէ դրսեւորում, ինչպէս նաեւ Մեր աջակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք կազմակերպելու իրաւական պատշաճ օգնութեան տրամադրում համապատասխան համայնքներու ղեկավարներուն:
Իշխանութիւններուն անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք կատարելու բացառապէս այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքներով`համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածի 1-ին մասը»:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Իրաւական Յանձնախումբ