Հինգշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2020-ին, «RT arabic» հաղորդեց, որ Հասիչէ-Պէյրութ օդային թռիչքները բանիլ պիտի սկսին 2020-ի աւարտին։
Հասիչէի նահանգապետ Ղասսան Խալիլ յայտնեց, որ օդակայանին վերաբերող աշխատանքները գրեթէ ամբողջացած են եւ 2020-ի աւարտին թռիչքները պիտի վերսկսին։
Խալիլի համաձայն, օդակայանէն ներս պսակաձեւ ժահրը յայտնաբերող PCR գործիք պիտի տեղադրուի, ուր ճամբորդները քննութեան պիտի ենթարկուին օդակայան ժամանելէն ետք։
Յիշենք, որ անցեալ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, Սուրիոյ քաղաքային օդակայանի ընդհանուր տնօրէն Պասէմ Մանսուր յայտնած էր, որ Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Գամիշլիի օդակայաններէն ներս աշխատանքները ամբողջացած են։ Նսակաձեւ ժահրի պատճառով ամիսներ դադրելէ ետք առաջին թռիչքը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն, ետքը թռիչքները բանիլ պիտի սկսին յիշեալ նահանգներու օդակայաններէն։