Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր, մասնաւորապէս, ըսուած է․
«10 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուած է որպէս մարդու հիմնարար իրաւունքներու, անկախութեան հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օր: 1991 թ. այս օրը Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ` ի շարունակութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդներուն 2 Սեպտեմբեր 1991-ի Հռչակագիրին: Հանրաքուէին հետեւանքով, որ տեղի ունեցաւ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերուն եւ այդ ժամանակաշրջանի մէջ գործող ԽՍՀՄ ազգային օրէնսդրութեան համապատասխան, Արցախի ժողովուրդը հաւանութիւն տուաւ անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ստեղծելու որոշումին:
10 Դեկտեմբերի 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէն տրամաբանական շարունակութիւնն էր Արցախի ժողովուրդին հետեւողական ջանքերուն, որ կը ձգտէր ղարաբաղեան հիմնահարցը վերադարձնել քաղաքական եւ իրաւական հարթութիւն, կանխել վերահաս պատերազմը եւ պայմաններ ստեղծել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման համար` միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերուն, արդարութեան սկզբունքներուն ու փոխադարձ յարգանքի եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին 2 Սեպտեմբեր 1991 թ. Հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ 10 Դեկտեմբեր 1991թ. անկախութեան հանրաքուէն ծառայած են որպէս Արցախի պետականութեան իրաւական հիմք, որ Արցախի ժողովուրդին կամարտայայտութեան բարձրագոյն դրսեւորումն է:
Արցախի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները չճանչնալը փաստօրէն ստեղծեց պայմաններ, որոնց հետեւանքով Ատրպէյճան ինքնիրեն իրաւունք վերապահեց հակամարտութիւնը լուծել ուժի կիրառումի միջոցով եւ երեք անգամ` 1991, 2016 եւ 2020 թուականներուն, յարձակում սանձազերծեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ կը համարենք ընդգծել, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը, որ իւրացուած է 10 Դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէով, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումի անկիւնաքարն է: