«Երկիր».-Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանները 18 Դեկտեմբերին հրապարակած են միատեղ արտահերթ զեկոյց` Արցախի ռազմական գործողութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումներուն մասին:
Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումին զուգահեռ` դիտաւորեալ եւ չտարբերակուած թիրախաւորումի ենթարկուած են նաեւ լրագրողները եւ անոնց սպասարկող երթեւեկային միջոցները, որուն հետեւանքով ծանր վիրաւորուած է 7 լրագրող (5 օտարերկրեայ ու 2 հայ) եւ զոհուած է լրագրողական խումբին ուղեկցող 1 անձ: Դիտաւորեալ թիրախաւորումի մասին կը վկայէ լրագրողներուն կրած յատուկ համազգեստ եւ տարբերակիչ նշանները, որոնք առկայ էին նաեւ անոնց մեքենաներուն վրայ: Բացի անկէ, որոշ վկայութիւններ յայտնած են, որ հարուածներէն առաջ եւ ընթացքին դէպքերու վայրերուն մէջ թռիչքներ կը կատարէին ատրպէյճանական հետախուզական ԱԹՍ-ները,ցոյց տալով որ լրագրողները լիովին տեսանելի ու տարբերակելի եղած են ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն համար:
Միեւնոյն ատեն պատերազմական գործողութիւնները լուսաբանելու նպատակով Արցախի մէջ գտնուող լրագրողներու մասնագիտական աշխատանքը խոչընդոտելու նպատակով Ատրպէյճանը քրէական հետապնդումի ենթարկած եւ սեւ ցուցակներու մէջ ներառած է Արցախի մէջ լրագրողական գործունէութիւն ծաւալող արտասահմանեան որոշ լրագրողները: Աւելին, պատերազմի ողջ ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները սահմանափակած են միջազգային լրագրողներու անկախ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի տարածքին` հսկողութեան տակ պահելով անոնց տեղաշարժը եւ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելով անոնց համար:
Վերլուծելով լրագրողներու թիրախաւորման բոլոր դէպքերու հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմի այլ վերաբերելի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները` ակնյայտ է, որ Արպէյճանի իշխանութիւնները յանցաւոր նպատակ ունեցած են ամբողջովին մեկուսացնելու Արցախը միջազգային տեղեկատուական հոսքերէն ու անկախ աղբիւրներէն` պահելու համար Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող լայնածաւալ ու դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները: