«Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Շուշիի շրջանի Հին Շէնի մէջ շրջափակուած Շիրակի մարզի 72 կամաւորները տուն վերադարձան։ «Հոն ամէն ինչ բնական ընթացք ունի, ճամբաները բաց են խաղապահները իրենց տեղը: Շիրակի մարզի 72 հոգինոց խումբը դէպի տուն վերադարձան: Ամէն ինչ կարգին է, եւ հերթափոխը յաւուր պատշաճի կազմակերուած էր: Բոլորը տեսած ենք, բոլորը լաւ էին եւ ժամերու ընթացքին մարզի մէջ կ’ըլլան: Կը խնդրեմ ուշադիր ըլլաք տեղեկատուութեան տարածումին», կը յատնէ Յովսէփեան: