Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիան Մոսուայի հետ կը խորհրդակցի Ռուսիոյ արտադրած պսակաձեւ ժահրի դէմ «Sputnic V» պատուաստը Սուրիա ներածելու շուրջ: Այս առիթով Մըքտատ ըսաւ. «Յուսանք, որ Սուրիոյ ժողովուրդը ստանայ այս պատուաստը եւ ռուսական այլ պատուաստներ, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդը կը վստահի ռուսական արտադրութիւններուն:
Մըքտատ «Սպութնիք» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին թէ կարելի՞ է, որ Սուրիան անվճար ստանայ պատուաստը ըսաւ. «Մենք վստահ ենք, որ բարեկամ Ռուսիան նկատի կ’առնէ այս մէկը, մանաւանդ, որ Սուրիան ներկայիս տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ է»:
Յիշենք, որ Ռուսիան պսակաձեւ ժահրին դէմ առաջին պատուաստը հրապարակ բերաւ անցեալ Օգոստոս ամսուան ընթացքին, ան ուսումնասիրուեցաւ «Կամալիա» կեդրոնէն ներս եւ ետքը արտադրուեցաւ: