«Անթիլիաս».-Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Այս տխուր առիթով Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց՝ թէ «հայրենիքին համար արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են։ Արդարեւ, մեր ողջ պատմութեան ընթացքին հայը՝ զինուոր թէ շինարար, մտաւորական թէ հոգեւորական միշտ յանձնառու եղած է իր անձը զոհելու հայրենիքին համար»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւն ըսաւ. «Արցախի պատերազմը հայրենիքի ու հայու գոյամարտնէ։ Այս գիտակցութեամբ մեր նահատակները զոհուեցան։ Նոյն այս գիտակցութեամբ բոլոր հայորդիները պատրաստ պէտք է ըլլան հայրենիքի ու անոր անկախութեան համար պայքարելու, որովհետեւ հայութեանու հայրենիքի գոյամարտը կը շարունակուի։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք կրնանք մեզի պարտադրուածբոլոր գոյամարտները յաղթել հաւատքի զօրութեամբ ու ամուր միասնականութեամբ»։

Իր խօսքի աւարտին Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Արցախի պատերազմի վիրաւորներուն եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ սգաւոր բոլոր ընտանիքիներուն։