8 Յունուարին տեղի  ունեցած է Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի խորհուրդին հերթական նիստը, որ վարած է Վազգէն Մանուկեան:

Քննարկումի առանցքը եղած է 11 Յունուարին նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին եւ կարելի պայմանագիրերու վաւերացման հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւն  յառաջացուցած է մեր հասարակութեան մէջ:

Քննարկուած եւ վերլուծուած է Շարժումին մինչ օրս իրականացուցած գործունէութիւնը:

Յստակացուցած են յառաջիկայ ընելիքներն ու գործողութիւններու ծրագիրը:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում