ՀՀ Ազգային Ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատուիրակութիւնը Արցախ մեկնած են: Այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցած են ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահի, Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն հետ:

8 Յունուարին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեան եւ Տարօն Սիմոնեան հանդիպում ունեցած են ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահրամ Պալայեանին եւ Դաւիթ Իշխանեանին հետ:

Հանդիպումի ընթացքին Էտմոն Մարուքեան յայտնած է, որ Արցախ կատարած այցելութեան նպատակը տեղւոյն իրավիճակին ծանօթանալն ու իրենց օրակարգին մէջ  արծարծուած հարցերը ներառելն է:

ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները կարեւոր համարած  են ՀՀ եւ ԱՀ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, որ ուղղակիօրէն կ’առնչուի գործող իշխանութիւններուն հեռացումին հետ:

Բացի ՀՀ եւ ԱՀ բնակչութեան անվտանգութեան հարցերէն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ներքաղաքական զարգացումներուն, յետագայ ընելիքներուն վերաբերող հարցեր: