“Արմէնփրէս”._ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին, 8 Մարտ 2021_ի նիստին հրապարակուած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը: Տեսաուղերձէն առաջ խորհուրդին ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աւելի ծաւալուն գրաւոր զեկոյցը: Թէ՛ տեսաուղերձով, թէ՛ գրաւոր զեկոյցով յիշուած է, որ 2020_ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինեալ ուժերը խոշտանգած են ու դաժան վերաբերմունքի ենթարկած են հայկական կողմի զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձերը: Ատրպէյճանական զինծառայողները խոշտանգումներու ու դաժան վերաբերմունքի տեսանիւթերու մէջ օգտագործած են նոյն բառերը, ինչ որ գործածած են ատրպէյճանական պաշտօնական ելոյթներուն մէջ: Հայերու նկատմամբ ցեղային պատկանելիութեան շարժառիթներով յանցագործութիւնները կը խրախուսուին ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն ու հաստատուած է ՄԻԵԴ-ի վճիռներով: Տեսաուղերձով ու գրաւոր զեկոյցով յատկապէս շեշտուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն գերիներու` զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու ազատ արձակման ու վերադարձի արհեստական ձգձգման մասին, հակառակ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացարձակ պահանջներուն, որ պատճառած է հոգեկան տառապանք անոնց ընտանիքներուն ու զգացական խոր ցաւ հայաստանեան հասարակութեան: Այս նիստը նուիրուած է ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու հարցերու յատուկ զեկուցողի հետ քննարկումին: