Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ին, «Տամ Փրէս» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, անոր քաթարցի պաշտօնակից Մուհամմէտ Ապտուլ Ռահման ալ Սանի եւ թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլու Քաթարի մէջ Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ ժողով մը գումարեցին։ Երեք նախարարները ժողովը փակեցին եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ, որ ընդգրկեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները. -Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանել՝ համաձայն ՄԱԿ-ի պայմանագրութեան։ -Սուրիոյ տագնապի լուծման քաղաքական բանակցութեանց ճամբով միայն կարելի է հասնիլ, ոչ թէ զինուորական գործողութիւններով։ -Անհրաժեշտ է պայքարիլ Սուրիոյ միասնակամութիւնը քայքայող դաւադրական ծրագիրներուն դէմ եւ զօրակցիլ Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ։ -Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի աշխատանքներուն աջակցիլ եւ թոյլ չտալ արտաքին միջամտութիւններու։ Այս առիթով աջակցութիւն յայտնել Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետըրսընին եւ մնայուն կապ հաստատել սուրիական կողմերուն եւ յանձնախումբի անդամներուն միջեւ։ -Կողմերը մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակին եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքներուն գծով։ Այս առիթով կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ին եւ անոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան՝ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստը բաւարար քանակով ապահովելու։ -Բազմացնել մարդասիրական օժանդակութիւնները ուղղուած բոլոր սուրիացիներուն, առանց խտրութեան կամ նախապայմաններու։ -Այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը ապահովելու համար գործնական քայլ առնել։ Իր կարգին Լաւրով շեշտեց, որ վերոյիշեալ քայլերուն իրականացման արգելք կը հանդիսանան Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցները, յայտնելով, որ անոնք ոչ միայն երկրին կառավարութեան ուղղուած են, այլ նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին։ Լաւրով աւելցուց. « Այս հանդիպումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ Ասթանայի գործընթացին կողքին»։ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը իր պաշտօնակիցներէն խնդրեց, որ այս ժողովները հերթական բնոյթ առնեն, որպէսզի ծրագրուած աշխատանքը կիսատ չմնայ։ Իր կարգին, Չաւուշօղլու յայտնեց, որ յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, որմէ ետք Ռուսիոյ մէջ։