ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն 13 Ապրիլին յայտարարութիւն տարածած է.
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի «Հայրենիքի վարակառուցման նախաձեռնութիւններ»ու յանձնախումբը, ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական Միութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի «Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Միութեան» (ACCA) «Արցախ» հիմնադրամի հետ միատեղ նախաձեռնած է «Յոյսի կառուցում» նախագիծը՝ առցանց դրամահաւաք արշաւը, Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն աջակցելու համար:
Այս դրամահաւաքի ընթացքին հանգանակուած գումարը կ’ուղղուի Արցախի Աղաւնոյ գիւղի մանկապարտէզի հիմնական նորոգման՝ երեխաներուն տրամադրելու ննջասենեակ, խոհանոց, դասասենեակ, ճաշասենեակ, փակ զուգարաններ եւ մեծ սենեակ, որ կը ծառայէ նաեւ որպէս գիւղական նախաձեռնութիւններու հաւաքատեղի:
Ծրագիրը կ’օգնէ նաեւ Սիւնիքի Ակներ գիւղի դպրոցի վերանորոգման, որ բարեկարգման կարիք ունի: Ասոնք առաջին աշխատանքներն են:
«Հայրենիքի Վերակառուցման Նախաձեռնութիւններ»ու յանձնախումբը նախատեսած է ընդլայնել իր օգնութեան շրջանակը գիւղ առ գիւղ, «Կառուցելով այսօր՝ աւելի լաւ ապագայի համար» նշանաբանով առաջնորդուելով:
Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի տեղական կառոյցները ծրագիրներ համակարգած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` ապահովելով մեր հայրենիքի ընկերային-տնտեսական զարգացումը:
Մեր հայրենիքի բարգաւաճման համար անհրաժեշտ է կայուն ենթակառուցային համակարգի կառուցում: ՀՅԴ նախորդ եւ ընթացիկ նախաձեռնութիւնները ներառած են Կիւմրիի Շիրվանեան Երիտասարդական կեդրոնը, ջուրի արեւային տաքացումը Մարտակերտի մէջ, ատամնաբուժարանը Հադրութի մէջ, հրշէջ մեքենաներու տրամադրումը Ստեփանակերտին, առողջապահական բեռնատարի տրամադրումը Քարվաճառին, ջերմոցներ՝ Արցախին, «Նանուլիկի» մանկապարտէզի նորոգում, հիմնական նորոգում Ազատամուտի, Կովսականի եւ Քաշաթաղի Թորլաքեան-Ֆունտուքեան կեդրոնի, եւ վերջերս՝ պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամի հետեւանքները դիմակայելու նպատակով գիւղական համայնքներուն տրամադրուած աջակցութիւն:
Արցախեան դառնաղէտ պատերազմէն վերջ, մեր՝ որպէս հաւաքական ազգի, պարտականութիւնն է միասնական ուժերով օգնել նոր սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքին, որուն պէտք է տրամադրուին ապագայ յաջողութիւններու համար անհրաժեշտ բոլոր կարելիութիւններն ու կրթական միջոցները»: