«Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կից գործող պետքարտուղար Քլեման Պոն` ելոյթ ունենալով երկրի Ազգային ժողովին մէջ (խորհրդարանի ստորին պալատը) յայտնած է, որ եւրոմիութեան երկիրները պատժամիջոցներ պատրաստած են Թուրքիոյ նկատմամբ այն պարագային, եթէ Անգարան յարձակողական վարքագիծ դրսեւորէ Արեւելեան Միջերկրականի եւ այլ տարածաշրջաններու մէջ:
«Մենք հասած ենք այն կէտին, որ Եւրոպան ամուր, միասնական եւ յստակ գիծ ընդունէ Թուրքիոյ նկատմամբ: Մենք չենք ձգտիր շարժողականութեան, բայց մենք պկը աշտպանենք մեր շահերը», ըսած է քաղաքական գործիչը:
Անոր խօսքին համաձայն, Թուրքիան պէտք է ընտրէ` երթալ արդեօք ապաշարժողական ուղիով, թէ նախընտրել հաւատարիմ մնալ յարձակողական վարքագիծին, եւ այդ պարագային Եւրոմիութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ արձագանգելու:
«Մենք միջոցներ նախապատրաստած ենք` պատժամիջոցներ, եթէ հարկ ըլլայ», նախազգուշացուցած է ֆրանսացի պետքարտուղարը: