Համացանցի վրայ հասանելի է «Դրօշակ» ամսագիրին 2021-ի չորրորդ թիւը: Աւանդոյթէն չշեղելով, պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ եւս կարմիր թելի պէս կ’անցնի հայոց մեծ ողբերգութեան նիւթը: Թերեւս այս տարի հայութիւնը աւելի մեծ խռովութիւն կ’ապրի 106 տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը վերյիշելով, որովհետեւ դժբախտ առիթ ունեցաւ իր մաշկին վրայ զգալու թրքական վայրագութիւնը, հայրենակիցներու եւ հայրենի տարածքներու կորուստին ցաւը:
Այս իրողութեան կ’անդրադառնայ ամսաթերթի «առաջնորդող»ը մտահոգութիւն յայտնելով, որ հայութեան ցեղասպանութենէն չյագեցած թշնամիին յարձակողական նկրտումներու պայմաններուն մէջ, այսօր, օտար ազդեցութեամբ հայրենիքի մէջ բուծուած եւ իշխանութեան հասած է սերունդ մը, որ երկրի ճակատագիրին հետ կը խաղայ, զայն ենթակայ դարձնելով թուրք-ատրպէյճանական կամքին:
«Դրօշակ» ի հեղինակներէն Գէորգ Յակոբճեան իր մտահոգութիւնը բաժնեկցած է խօսելով նոր յայտնուած այն կեղծ թեզին մասին, ըստ որուն, կ’առաջարկուի անտեսել ցեղասպանութեան փաստը եւ ուշադրութիւնը սեւեռել կարելի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին վրայ: Ցեղասպանութեան նիւթին այլ հետաքրքրական տեսանկիւնէն կ’անդրադառնայ ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան: Ներկայացնելով միայն յօդուածի յուշող վերնագիրը. «ժխտումը ընտրութիւն է, որ ունի յառաջացման մէկ պատճառ` կամք: Մոռնա՞լ. ինչը՞ մոռնալ, ինչպէ՞ս մոռնալ» ընթերցողին կ՛ընձեռենք քաղաքական, եւ ոչ միայն քաղաքական ժխտողականութեան, այլեւ վերջինիս ազդեցութեան մասին հեղինակին դատողութիւնները:
Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան տարբեր դրուագներուն անդրադարձած են պատմաբաններ Անի Ոսկանեան ու Դերենիկ Մելիքեան: Ասոնց կողքին Անի Մելքոնեանի յօդուածը ամբողջական պատկերացում կու տայ Հայ Դատի պայքարի ողջ ճամբուն մասին:
Նիւթին հետ անմիջականօրէն կ’առնչուի Սողոմոն Թեհլիրեանի յոբելեանին նուիրուած Գոհար Խանումեանի յօդուածը:
«Դրօշակ» ի ներկայացուող թիւը, սակայն, չի սահմանափակուիր միայն ցեղասպանութեան նիւթով, ընթերցողը հոն կը գտնէ նաեւ մեր օրերուն հայ ժողովուրդի դիմագրաւած հիմնահարցերու մասին հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական վերլուծութիւններ:
Հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ նաեւ Հայաստանի մէջ Լեհաստանի նախկին դեսպան Երժի Մարեկ Նովակովսքիին վերլուծութիւնը Արցախեան պատերազմին եւ անոր յաջորդած քաղաքական զարգացումներուն մասին: Հարցազրոյցը թարգմանաբար ներկայացուած է լեհական պատկերասփիւռային կայանէն:
«Դրօշակ»ի ապրիլեան թիւը ընթերցողին կը ներկայացնէ այլ նիւթեր եւս:
«Դրօշակ»ի 2021-ի թիւ 4 թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: