Պրիւքսէլ, 12 Ապրիլ 2021 –Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց համաժողով Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներուն եւ այլ պահուող անձերու առնչութեամբ։ Քննարկուեցան հարցի իրաւական եւ քաղաքական կողմերը: Համաժողովի բանախօսներն էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան, Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերու պատուիրակութեան ղեկավար, պատգամաւոր Մարինա Քալիւրանտ եւ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան: Պատերազմի հրադադարի յայտարարութենէն անցած է հինգ ամիս, սակայն հակառակ բոլոր ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը Ատրպէյճանին վերադարձնելու պարտաւորութեան՝ երկրին մէջ տակաւին առնուազն 188 հայ ռազմագերի պահուած է։ Իր խօսքին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան շեշտեց, որ պատերազմի աւարտէն ամիսներ անց հայ ռազմագերիները անազատութեան մէջ պահելը Ատրպէյճանի կողմէն պատերազմը հոգեբանականօրէն երկարացնելու ուղղուած քայլ է: «Սա պատերազմի կործանարար հետեւանքներու շարունակութիւնն է: Մարդ արարածը, եթէ նոյնիսկ անազատութեան մէջ է, կարելի չէ օգտագործել իբրեւ քաղաքական առեւտուրի առարկայ՝ նորանոր օգուտներ կորզելու համար», ըսած է Էվինեան: «Եւրոպայի մէջ կառավարութիւններու լռութիւնն ու չէզոք դիրքորոշումը սոյն մարդասիրական հարցին՝ ռազմագերիները ազատ արձակելու հարցն է, յուսահատեցնող է Եւրոպայի սփիւռքահայութեան համար եւ, ըստ էութեան, իւրաքանչիւրին, որ մտահոգուած է այս հարցով եւ ընդհանրապէս կարեւոր համարած է մարդկային արժանապատուութիւնը», – շարունակելով խօսքը՝ մանրամասնեց Էւինեան։ «Եւրոպան կրնայ եւ պէտք է ընէ աւելին՝ նաեւ յանուն սեփական վստահելիութեան, հզօրութեան եւ կենսունակութեան: Մենք լիայոյս ենք, որ Եւրոպական Խորհրդարանը՝ իբրեւ փաստ, վերջապէս կ’արտայայտէ իր հայ գերիներու մասին եւ կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին անյապաղօրէն ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը», եզրափակեց Էւինեան: Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Լուքաս Ֆուրլաս, որ նաեւ Հայաստանի բարեկամութեան խումբի նախագահն է, իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Անյայտ կորածներու եւ գերիներու ողբերգութիւնը, որմէ 1974-էն ի վեր տուժած է Կիպրոսը, պէտք չէ կրկնուի Արցախի մէջ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ապահովէ բոլոր գերիներուն անյապաղ վերադարձը»: Համաժողովի մասնակիցները դիտել տուին, որ Ատրպէյճանի կողմէն պահուող անձերու անազատութեան ենթարկելը եւ խոշտանգելը ռազմական յանցագործութիւն է, որովհետեւ համաձայն 1949_ի ժնեւեան համաձայնութեան, անոնք բոլորն ալ իրաւական առումով ռազմագերիներ են: Կոպտօրէն խախտելով համաձայնութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու հիմնական սկզբունքները՝ Ատրպէյճան օգտագործած է այս չափազանց զգայուն մարդասիրական հարցը՝ քաղաքական օգուտներ կորզելու նպատակով: Բոլոր ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակումը ամրագրուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրած հրադադարի յայտարարութեամբ: Նշենք, որ հայկական կողմը վերադարձուցած է բոլոր ատրպէյճանցի ռազմագերիները: «Հայ գերիներուն ճակատագիրը Ատրպէյճանի մէջ» խորագիրով այս համաժողովը տեղի ունեցաւ առցանց ձեւաչափով՝ նկատի առնելով առողջապահական արտակարգ իրավիճակը եւ առկայ սահմանափակումները: