Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով` 27 Սեպտեմբեր 2020-ին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պարգեւատրուեցան ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նահատակ կամաւորները: Պարգեւները յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար, Արցախի հերոս, զօրավար-մայոր Վիտալի Բալասանեան, ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» ՀԿ գումարտակի հրամանատար Հարմիկ Յովսէփեան եւ ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» ՀԿ գումարտակի շտապի պետ Արտաշէս Մխիթարեան: Յետմահու «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ ստացան՝ Մհեր Յարութիւնեան, Գեղամ Մուշեղեան, «Մարտական Խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշաններ` Քրիստափոր Արթին, Քիմ Խաչատրեան, Մայիս Նազարեան: Նահատակ միւս մարտիկները ստացան «Արիութեան Համար» մետալներ: Ընդհանուր առումով` ՀՅԴ «Կամաւորական Շարժում» հասարակական կազմակերպութենէն յետմահու պարգեւատրուեցան 27 կամաւորներ: Պարգեւները ստացան անոնց զաւակները, կիները կամ ընտանիքի անդամները: