«Երկիր».- 13 Ապրիլին Ատրպէյճանի ADA համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Նոր Հայեացք Հարաւային Կովկասի Յետպատերազմեան Զարգացումներ եւ Համագործակցութիւն» խորհրդաժողովի ընթացքին, երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ յոխորտացած է եւ հանդէս եկած է պատմութիւնը կեղծող յայտարարութիւններով: Ան յայտարարած է, որ հայերը կը փափաքին ջնջել Ատրպէյճանի պատմութիւնը, իսկ «Շահումեանն ու միւսները» (Ստեփան Շահումեան` խմբ.), սպանած են ատրպէյճանցիները եւ «ցեղասպանութիւն» իրականացուցած են: Անդրադառնալով հայկական Զանգեզուրին (հիմա Սիւնիքի մարզ)` Ալիեւ յայտարարած է, որ ան «101 տարի առաջ յանձնուած է Հայաստանին»: «Երբ այդ` տարածքը մեզի պատկանած է (Ատրպէյճանը ստեղծուած է 1918 թ. եւ մինչ այդ նման կազմաւորում գոյութիւն չէ ունեցած` խմբ.): Կէօյչա լիճը անոնք անուանած են Սեւան: Բաւական է նայիլ 20-րդ դարու քարտէզին, եւ այդտեղ չէք տեսներ Սեւանը: Նոյնը նաեւ կը վերաբերի Իրեւանին: Անոնք ոչնչացուցած են Իրեւանի պատմական հատուածը: Ակնյայտ փաստ է, ատրպէյճանցիները, ներառեալ` իմ նախնիներս, ապրած են հոն: Ես ասել եմ` մենք վերադառնալու ենք այնտեղ: Ես չեմ ասել, որ կը վերադառնանք հրասայլերով: Ըսած եմ, որ պիտի վերադառնանք: Եթէ մենք վերադարձած ենք Զանգեզուրի միջանցք, եթէ օգտագործած ենք զայն, ինչու՞ մենք չվերադառնանք Երեւան: Կու գայ ժամանակը, մենք կ’ընենք այդ մէկը», ըսած է Ալիեւ: