Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին, Մոսկ­ուա­յէն Երե­ւան վե­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ծան­րա­բարձ­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նը, Եւ­րո­պա­յի ախոյ­եա­նու­թեան մր­ցում­նե­րէն ոսկ­եայ, ար­ծա­թ­եայ եւ պրոնզ­եայ մե­տալ­նե­րու հունձ­քով մը: Չմոռ­նանք անոնց հաս­տա­տած նոր մր­ցա­նիշ­նե­րը:
Ո՛չ մէկ կաս­կած, որ մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ երի­տա­սար­դու­հի­նե­րուն նուա­ճում­նե­րը հպար­տութ­եան առիթ են բո­լո­րիս հա­մար: Մար­զիկ­նե­րէն մէ­կուն յայ­տա­րա­րու­թիւնը դի­պուկ էր. ըսաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տեւ­եա­լը. «Այս­քան եղած բա­նե­րէն ետք (ակ­նար­կու­թիւնը՝ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին), ու­րա­խա­նա­լու եւ հպար­տա­նա­լու առիթ ու­նինք»: Օրին, անոնք չէ­ին մոռ­ցած իրենց մե­տալ­նե­րը ձօ­նել պա­տե­րազ­մի նա­հա­տակ­նե­րուն:
Մեր մար­զա­կան հե­րոս­նե­րը՝ մա­նու­կին, պա­տանի­ին ու չա­փա­հաս-տա­րե­ցին հպար­տու­թեան առիթ տուող­նե­րը կը կոչ­ուին Սի­մոն Մար­տի­րոս­եան, Ռա­ֆիկ Յա­րու­թիւն­եան, Անդ­րա­նիկ Կա­րա­պետ­եան, Կա­րէն Աւագ­եան, Յա­կոբ Մկրտչ­եան, Սամ­ուէլ Գաս­պար­եան, Ար­սէն Մար­տի­րոս­եան, Գոռ Մի­նաս­եան, Վա­րազ­դատ Լա­լայ­եան եւ Լի­ա­նա Կիւրճ­եան: Այս հոյ­լը քիչ մը աւե­լի կը պայ­ծա­ռաց­նէ՝ հայ ծան­րա­բարձ­նե­րու սխ­րանք­նե­րով՝ տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր լու­սա­ւոր­ուած հայ­կա­կան երկ­նա­կա­մա­րը: Տաս­նամ­եակ­ներ առաջ, Եու­րի Վար­դան­եան­նե­րու, Օգ­սէն Միր­զոյ­եան­նե­րու եւ այլ ախոյ­եան­նե­րու անուն­նե­րը արա­գօ­րէն կը տա­րած­ուէ­ին հա­յու­թեան բե­րան­նե­րուն: Այս տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­ներն են անց­եա­լի ախոյ­եան­նե­րուն, հե­տե­ւա­բար, իրա­ւունք ու­նին բո­լո­րէս ակն­կա­լե­լու, որ իրենց անուն­նե­րը ամ­րագր­ուին ան­ուա­նի հա­յե­րու շար­քին, Հեն­րիկ Մխի­թար­եան­ներ չմ­նան «որբ»…: Իրա­ւունք ու­նինք, մա­նա­ւանդ, անոնց անուն­նե­րուն վրայ ստ­ուեր չտես­նե­լու՝ ի լուր պա­տե­րազ­մա­կան գե­րի­նե­րու վե­րա­դար­ձին (գրե­թէ նոյն պա­հուն) սպա­սող ծնող­նե­րուն «պար­գեւ տր­ուած» նո­րա­գոյն յու­սա­բե­կու­թեան, խայ­տա­ռա­կու­թեան:
* * *
Ճիշդ 5 տա­րի առաջ, հայ­կա­կան մար­զաշ­խար­հը նմա­նա­պէս հպար­տա­ռիթ օրեր ապ­րե­ցաւ: Այդ օրե­րուն ալ, 2016-ի Ապ­րի­լին, Նոր­վեկ­իոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած՝ Եւ­րո­պա­յի ախոյ­եա­նու­թեան մր­ցում­նե­րուն, Հայ­կա­կան Եռա­գոյ­նը քա­նիցս բարձ­րա­ցած էր մեր Քայ­լեր­գին հն­չում­նե­րուն դի­մաց, երբ Անդ­րա­նիկ Կա­րա­պետ­եան, Տիգ­րան Մար­տի­րոս­եան, Գոռ Մի­նաս­եան, Նա­զիկ Աւ­դալ­եան, Հռիփ­սի­մէ Խուր­շուդ­եան եւ տասն­եակ մը ու­րիշ­ներ իրենց անուն­նե­րը ար­ձա­նագ­րած էին մե­տա­լա­կիր­նե­րու եւ պատ­ուա­բեր ար­դիւնք ձեռք բե­րող­նե­րու ցան­կե­րուն: Այդ օրե­րուն ալ, մեր ախոյ­եան­նե­րը իրենց մե­տալ­նե­րը նուի­րած էին Ապ­րիլ­եա՛ն պա­տե­րազ­մի նա­հա­տակ­նե­րուն…
* * *
Աւե­լորդ է ար­ձա­նագ­րել, որ հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը միշտ ալ հպար­տու­թիւն բե­րող ար­դիւնք­նե­րով եւ նուա­ճում­նե­րով փայ­լած են այս մար­զի մր­ցա­շար­քե­րուն: Նոյ­նը ըրած են կռ­փա­մար­տիկ­ներ, ըմ­բիշ­ներ, աթ­լէթ­ներ (օղակ­ներ, ոս­տում եւ այլն), իսկ հայ­կա­կան ֆութ­պո­լը փառ­քի օրեր պար­գե­ւած է հա­յու­թեան՝ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն, հի­մա, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը իր նոր մար­զի­չին հետ կ’աշ­խա­տի վե­րա­կանգ­նել փայ­լուն օրե­րու յի­շա­տակ­նե­րը՝ աշ­խար­հի ախոյ­եա­նութ­եան զտու­մի մր­ցում­նե­րուն (կը յու­սանք, որ յաղ­թա­նակ­նե­րու թա­փը ու­ժե­ղա­նայ):
Ծան­րա­բարձ­նե­րու այ­սօր­ուան նուա­ճու­մը առանձ­նա­կի իմաստ ու­նի. ինչ­պէս 2016-ի մր­ցում­նե­րը, նոյն­պէս ալ Մոսկ­ուա­յի մր­ցում­նե­րը յա­ջոր­դած են հա­յու­թեան հա­մար ծանր օրե­րու: 2016-ին, ծանր կո­րուստ­նե­րով յաղ­թա­կան դուրս եկած էինք ազե­րի նա­խա­յար­ձակ­նե­րուն դէմ պա­տե­րազ­մէն, հի­մա, կը նա­խընտ­րենք չյի­շել 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին մեր կրած պար­տու­թիւնն ու անոր հե­տե­ւանք՝ ահա­ւոր վնաս­նե­րը, սա­կայն իրա­կա­նու­թե­նէն չեն կր­նար խու­սա­փիլ:
Նման նուա­ճում­ներ, հոգ չէ թէ զգա­ցա­կան առու­մով (թէ­եւ զգա­ցա­կա­նէն ան­դինն ալ կայ), մե­զի կը յու­շեն, որ հա­յը կա­րո՛ղ է ու ար­ժա­նի՝ յաղ­թա­նակ­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու, իրա­ւունք ու­նի չմոռ­նա­լու, որ նման նուա­ճում­ներ ար­դար հպար­տան­քի առիթ են, թէ­եւ չեն ամո­քեր պա­տե­րազ­մին դառ­նու­թիւն­նե­րը:
Պա­տե­րազ­մին ան­մո­ռա­նա­լի դառ­նու­թիւն­նե­րը դար­մա­նե­լու հա­մար, հպար­տան­քէ ան­դին՝ պէտք ու­նինք ներ­քին ու ար­տա­քին գե­տին­նե­րու վրայ ան­դուլ եւ մի­աս­նա­կան աշ­խա­տան­քի, նման այն նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան, որ կա­տա­րե­ցին մեր ախոյ­եան­նե­րը՝ Մոսկ­ուա (կամ այ­լուր) մեկ­նե­լէ առաջ. անոնք պատ­րաստ­ուե­ցան «պի­տի յաղ­թե՛նք» նշա­նա­խօս­քը մարմ­նա­ւո­րե­լու կամ­քով, եւ ահա կը վե­րա­դառ­նան «յաղ­թե­ցինք»ով, այն­պէ՛ս՝ ինչ­պէս հռո­մ­է­ա­ցի զօ­րա­վար մը դա­րեր առաջ յայ­տա­րա­րած էր. «Եկայ, տե­սայ, յաղ­թե­ցի»:
Ս. Մահսերէճեան