Մարդկային ամէնէն արատաւոր երեւոյթներէն է խտրականութիւնը:
Խտրականութիւն՝ սեռի, ցեղի, կրօնքի, պատկանելիութեան, մաշկի գոյնի եւ տակաւին շարքը կ’երկարի…:
Բոլորս անխտիր գոնէ անգամ մը զգացած ենք խտրականութեան դրսեւորումը՝ համալսարանէն ներս, շուկային մէջ, նոյնիսկ տան մէջ:
Քանի՜ անգամ նկատած ենք, որ պաշտօն մը արական սեռի ներկայացուցիչին վստահուած է պարզապէս տղամարդ ըլլալուն համար, անդին՝ որքա՜ն իգական սեռի ատակ ներկայացուցիչներ կորսնցուցած են առիթը պաշտօններ ստանձնելու՝ զոհը դառնալով նահապետական այս «բարքին»:
Այլ տեղ մը՝ պետական քննութիւն յանձնելու ընթացքին, բոլորս ալ ականատեսը եղած ենք, թէ տեղացի հսկիչները ինչպէ՞ս ծիծաղի առարկայ դարձուցած են մեր անունները, կամ եթէ չեն ծիծաղած, գոնէ անպայման դժգոհ ակնարկ մը նետած են մեր վրայ «այս ի՞նչ անուն է» ըսելով:
Խտրականութիւնը աւելի վտանգաւոր երեւոյթ կը դառնայ օր ըստ օրէ: Արեւմտեան երկիրներու, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախորդ տարի համացանցէն հետեւեցանք սեւամորթներու պայքարին, երբ ժողովուրդին դիմաց խոշտանգումի ենթարկուելով սպանուեցաւ սեւամորթ ցուցարար մը: Սեւամորթին սպանութիւնը պատճառ դարձաւ համաշխարհային հոսանքի մը ընդդէմ սեւամորթներու հանդէպ ոտնձգութիւններուն եւ անհանդուրժողութեան:
Իսկ այս տարի նոյն անհանդուրժողութիւնը նոյն երկրին մէջ կը ցուցաբերեն ասիական ցեղերու նկատմամբ, զանոնք ամբաստանելով պսակաձեւ ժահրի տարածման յանցանքով:
Ֆրանսայի մէջ կ’արգիլեն 18 տարեկանէն վար իսլամ աղջիկներուն քօղ կրել: Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի մէջ կը պարտադրեն ոչ իսլամ կիներուն քօղ կրել:
Ահաւասիկ երկու ծայրայեղութիւններ, որոնք մարդոց ազատութիւնը կ’արհամարհեն, թէկուզ առանց բռնի միջոցներու, երբեմն օրէնքներով, երբեմն  ընկերային բարքերու պարտադրումով:
Ցաւօք նոյնիսկ հայկական շրջանակներու մէջ, Հայաստան թէ  Սփիւռք, նկատելի է ծայրայեղ աստիճանի հասած պատկանելիութեան խտրականութիւն: Պատկանելիութիւն դաւանանքի մը, պատկանելիութիւն գաղափարի մը, պատկանելիութիւն քաղաքական կողմի մը: Ծայրայեղ այլամերժութեան այս մթնոլորտն է, որ կը ջլատէ մեր միասնականութիւնը, եւ առողջ եւ զարգացնող մրցակցութիւնը կը վերածէ շուկայական լեզուակռիւի:
Ինչպէ՞ս կարելի է զարգանալու եւ քայլ մը առաջ երթալու համար  վանել այլամերժութեան եւ խտրականութեան այս մթնոլորտը:
Առաջին՝ ինքնադաստիարակութեամբ. նախ մենք պէտք է ընդունինք օտարը, միւսը, քննադատը, այլ կարծիք ունեցողը, յարգենք զայն եւ չփորձենք ստիպողաբար համակերպեցնել զինք մեր ըմբռնումներուն:
Երկրորդ՝ պէտք է մանուկները դաստիարակել հանդուրժող ըլլալու թէ՛ ուրիշին եւ թէ՛ հակառակ սեռին նկատմամբ:
Երրորդ՝ չփորձենք կաշկանդել փոքր աղջիկները՝ իւրաքանչիւր արարքի դիմաց «ամօթ է» եւ «դուն աղջիկ ես» յանդիմանական խօսքեր ուղղելով, իսկ տղոց աչքին չնուաստացնել աղջիկները՝ «տկար սեռի ներկայացուցիչներ», « լալկան էակներ» անուանելով զիրենք կամ հակառակը՝ տղաքը խրախուսել զիրենք ուժեղ սեռի ներկայացուցիչներ համարելով:
Չըսենք, թէ այս գործը տղու յարմար է, միւսը՝ աղջկայ: Կամ  հագուկապի կամ իրերու գործածութեան մէջ կապոյտը վերապահենք տղոց ու վարդագոյնը՝ աղջիկներու…:
Եթէ կ’ուզենք որ միւսը մեզ ընդունի, նախ մենք պէտք է ընդունինք զինք: Ուստի ձերբազատինք կաղապարուած մտածելակերպէն, այլապէս մարդկային իրաւանց միջազգային տօները միայն ձեւական արարողակարգեր պիտի դառնան մեզի համար:
Վեհան Պարսումեան