Ուրբաթ, 16 Ապրիլին «Հրապարակ Թի. Վի.»ի առցանց պատկերասփիւռի ալիքի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ գործող իշխանութիւններուն վարած յետպատերազմեան քաղաքականութեան եւ վերջին տարիներուն համահայկական հարցերուն մէջ յառաջացած հարցերուն: Խօսելով սպասուող արտակարգ ընտրութիւններուն գծով Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 14 Ապրիլին Նիկոլ Փաշինեանի կատարած շարք մը յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ իշխող մեծամասնութեան այդ օրուան պահուածքին մասին` Մանոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը, անշուշտ, ապագայ ունին, բայց ոչ ա՛յս իշխանութիւններուն հետ եւ ոչ ա՛յս կառավարութեան պատկերացումներով: Հաղորդումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մեր պահանջատիրութեան հարցերու համաշխարհային արծարծումներուն, Արցախի հարցով բանակցային հոլովոյթի վերականգնումին, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակուող շրջափակման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու վերջին շրջանի յայտարարութիւններուն: