15 Ապ­րի­լին, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի Ան­գա­րա այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը սուր բա­նա­վէ­ճի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­նոնց մի­ջեւ, երբ անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան-­Թուր­քիա տա­րա­կար­ծու­թեան հիմ­նա­կան հար­ցե­րուն։ Թուրք ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի եւ յոյն իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին՝ ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հան­դարտ սկսած մամ­լոյ ա­սու­լի­սը շու­տով բա­նա­վէ­ճի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ փշոտ խնդիր­նե­րուն շուրջ, ո­րոնց շար­քին ծո­վա­յին հա­կա­մար­տու­թեան, գաղ­թա­կան­նե­րու եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րը։ Ա­թէն­քի եւ Ան­գա­րա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու յոյ­սով՝ յոյն նա­խա­րա­րի այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով հրա­ւի­րո­ւած մա­մու­լի ա­սու­լի­սը բա­նակ­ռի­ւի եւ փո­խա­դարձ մե­ղադ­րանք­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։ Ա­միս­նե­րէ ի վեր ծո­վա­յին սահ­ման­նե­րուն շուրջ շա­րու­նա­կո­ւող լա­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը մեղ­մե­լու հա­մար, ­Տեն­տիաս յայտ­նեց , որ կ­՚ա­ջակ­ցի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ դառ­նա­լու ­Թուր­քիոյ փոր­ձե­րուն, ա­ւելց­նե­լով, որ ­Յու­նաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան ո­րե­ւէ բռնա­բար­ման պա­րա­գա­յին ­Թուր­քիան պի­տի պատ­ժո­ւի։ Յոյն նա­խա­րա­րէն ետք դար­ձեալ խօսք ա­ռած է ­Չա­ւու­շօղ­լու, որ զայ­րաց­կոտ եւ ջղագր­գիռ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նա­լով, «ա­նըն­դու­նե­լի» ո­րա­կած է ­Տեն­տիա­սի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ որ մղած է վեր­ջի­նը ը­սե­լու, թէ ա­նակն­կա­լի մատ­նո­ւած է, որ թուրք նա­խա­րա­րը իր­մէ կ’ակն­կա­լէր, որ վա­րո­ւէր այն­պէս, կար­ծես ո­չինչ պա­տա­հած է Ե­գէա­կա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վե­րուն մէջ։ Նի­քոս ­Տեն­տիաս հան­գա­մա­նօ­րէն ետ մղած է իր թուրք պաշտօ­նա­կի­ցի «մե­ղադ­րանք­նե­րը», ներ­կա­յաց­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի ան­շեղ դիր­քա­ւո­րու­մը թրքա­կան գրգռու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։ Ան նշում­ներ կա­տա­րեց օ­դա­յին բռնա­բա­րում­նե­րու, ծո­վա­յին ի­րա­ւուն­քի, կղզի­նե­րուն վրայ ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ կե­ցո­ւած­քին, Թ­րա­կիոյ յոյն մահ­մե­տա­կան տար­րին, գաղ­թա­կա­նա­կան եւ ­Կիպ­րո­սի գրաւ­ման խնդիր­նե­րուն մա­սին։ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը, մեկ­նա­բա­նե­լով եր­կու նա­խա­րար­նե­րու սուր բա­նա­վէ­ճը, շեշ­տե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կաս­կա­ծամ­տու­թեան եւ հար­ցե­րը լու­ծե­լու դժո­ւա­րու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը։ ­Յոյն նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի կող­մէ խնդիր­նե­րու զգու­շա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­մը հրահ­րեց թուրք նա­խա­րա­րի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ հա­կա­դար­ձեց սուր ո­ճով։ Հա­կա­ռակ կա­տա­րո­ւած հան­րա­յին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րը կը փոր­ձեն ճշդել երկ­կող­մա­նի խնդիր­նե­րու ամ­բող­ջա­կան օ­րա­կար­գը, յայտ­նի դար­ձաւ այն հսկայ վի­հը, որ գո­յու­թիւն ու­նի եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կը նշեն, որ ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­տա­րեց գիտ­նա­լով, թէ թրքա­կան կող­մը փորձ պի­տի կա­տա­րէր Ա­րեւ­մուտ­քի աչ­քե­րուն առ­ջեւ ամ­բող­ջու­թեամբ օգ­տո­ւիլ այս հան­դի­պու­մէն։ Ճիշդ այս պատ­ճա­ռով, յար­մար նկա­տո­ւե­ցաւ, որ յոյն նա­խա­րա­րը իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ պար­զա­պէս թո­ւէ ­Յու­նաս­տա­նի հիմ­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը։ Այ­սու­հան­դերձ, թուրք նա­խա­րար ­Չա­ւու­շօղ­լու իր ա­ռա­ջին խօս­քի ըն­թա­քին, անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց «թրքա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան» մա­սին, խնդիր մը, ո­րուն ան­մի­ջա­պէս պա­տաս­խա­նեց յոյն նա­խա­րա­րը։ Ա­սու­լի­սէն ետք, յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը յայտ­նե­ցին , թէ «մի­ջազ­գա­յին հան­դի­պում­նե­րուն միշտ յա­ռաջ պէտք է քշել մեր ար­դար կե­ցո­ւած­քը»։ Ա­նոնք նշե­ցին, որ յոյն նա­խա­րա­րը ստա­ցած էր նաեւ կա­նաչ լոյս վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քի­սէն, պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար թրքա­կան ո­րե­ւէ գրգրռիչ ար­տա­յայ­տու­թեան։