Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը 19-րդ անգամ ըլլալով Հասիչէի հիւսիսային Ռաս ուլ Այնի Ալուք ջրամուղ կայանին յատկացուած ելեկտրականութիւնը իրենց վերապահեցին, որուն հետեւանքով կայանը աշխատանքէ դադրեցաւ։ Հասիչէի ջուրի հաստատութեան տնօրէն Մահմուտ Աքլէ յայտնեց, որ հաստատութիւնը սուրիական կարմիր Մահիկի աջակցութեամբ օրական դրութեամբ բնակիչներուն ջուր կը հայթայթէ՝ թաղամասերուն մէջ տեղադրուած տակառները լեցնելով։