ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու գործունէութեան մասին ամփոփագիրեր, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն առիթ կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալու ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալով սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ առաջադրուած հարցերուն: Քանատա Վերջին շրջանին ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի թիւ մէկ քաղաքական առաջնահերթութիւնը կը վերաբերէր թրքական «պայրաքթար» անօդաչուներու մէջ օգտագործուող քանատական արհեստագիտութեան Թուրքիա արտահանման նկատմամբ արգելք սահմանելուն: Կատարուած աշխատանքները նախորդ շաբաթ պսակուեցան յաջողութեամբ, երբ քանատական կառավարութիւնունը կասեցուց քանատական ռազմական արտադրանքի եւ արհեստագիտութեան արտահանումը Թուրքիա: Քանատայի մէջ աւարտած է, Ատրպէյճանի կողմէն քանատական արհեստագիտութեան օգտագործման հետաքննութիւնը, որով փաստուած է Թուրքիոյ կողմէն քանատական արհեստագիտութեան կիրառումը ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին: Ըստ այդմ, 12 Ապրիլին Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Գարնօն յայտարարութիւն տարածած է` քանատական ռազմական արտադրանքի եւ արհեստագիտութեան արտահանումը դէպի Թուրքիա կասեցնելու : Յատկապէս խօսքը «պայրաքթար» անօդաչուներու տեղորոշման եւ տեսանկարահանման քանատական Wescam համակարգերու մասին, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին անօդաչու սարքի համար: ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ ջանքերը` հասնելու Թուրքիոյ նկատմամբ Քանատայի կողմէն ռազմական նշանակութեան որեւէ արտադրանքի վաճառքի արգելքին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործողութիւններուն շնորհիւ` ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական յանձնախումբը նախաձեռնած է երկկուսակցական ստորագրահաւաք, որով ԱՄՆ նախագահ Պայտընին կոչ ուղղած է 24 Ապրիլի ուղերձով ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած են յայտնի քոնկրէսականներ եւ մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամներ Ադամ Շիֆը, Գուս Պիլիրաքիսը, Ֆրենք Փալօն, Տեյուիտ Վալադաոն, Ճեքի Սփեյերը: Յատկանշական է, որ նախորդ ամիս նոյն պահանջով երկկուսակցական ստորագրաւաք նախաձեռնուած է նաեւ ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ, առանցքային` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտէզի նախաձեռնութեամբ, որուն միացած էին թիւով 38 ծերակուտականներ: Վերջին շաբաթներու ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի եւ գործակից կազմակերպութիւններու համալիր ջանքերուն հետեւանքով, աւելի քան մէկ միլիոն նամակ ուղղուած է Սպիտակ տան վարչակազմնին` քաջալերելու նախագահ Պայտընը ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 15 Ապրիլին, Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանաթրքական յարձակումին եւ գերիներուն վերաբերող հարցերը քննարկուած են ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ, պետքարտուղարի քաղաքական հարցերու տեղակալի պաշտօնին Վիքթորիա Նուլանտի թեկնածութեան քննարկման ընթացքին: Ռոպերթ Մենենտէզ վեր առած է հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը ապահովելու, Արցախին եւ Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով բանակցային գործընթացը վերականգնելու հրատապութեան մասին: Նոյն քննարկման ընթացքին, Թուրքիոյ ապակայունացնող գործունէութեան մասին հարց բարձրացուցած է ծերակուտական Վան Հոլէն: Եւրոպա Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) նախաձեռնութեամբ 12 Ապրիլին տեղի ունեցաւ առցանց համաժողով` Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներուն եւ այլ պահուող անձերու առնչութեամբ : Քննարկուեցան հարցի իրաւական եւ քաղաքական կողմերը: Համաժողովի բանախօսներն էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան, Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերու պատուիրակութեան ղեկավար, պատգամաւոր Մարինա Քալիւրանտը եւ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան: Իր խօսքին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան շեշտեց, որ պատերազմի աւարտէն ամիսներ անց հայ ռազմագերիները անազատութեան մէջ պահելը Ատրպէյճանի կողմէն պատերազմը հոգեբանական տեսանկիւնէն երկարացնելուն ուղղուած քայլ է: «Սա պատերազմի կործանարար հետեւանքներու շարունակութիւնն է: Մարդ արարածը, եթէ նոյնիսկ անազատութեան մէջ է, կարելի չէ օգտագործել որպէս քաղաքական առեւտուրի առարկայ` նորանոր օգուտներ կորզելու համար: Եւրոպայի մէջ կառավարութիւններու լռութիւնն ու չէզոք դիրքորոշումը այնպիսի մարդասիրական հարցի մասին, ինչպիսին ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցն է, յուսահատեցնող է Եւրոպայի սփիւռքահայութեան համար եւ, ըստ էութեան, իւրաքանչիւրին համար, որ մտահոգուած է այս հարցով եւ ընդհանրապէս կարեւոր կը համարէ մարդկային արժանապատուութիւնը»: Աւելի ուշ, 7 Ապրիլին ատրպէյճանաթրքական յարձակումով ներկայ իրավիճակին անդրադարձած է Եւրոպական Խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ, պատգամաւոր Նաթալի Լոիզոն` շեշտելով ղարաբաղեան հակամարտութեան հաւասարակշռուած կարգաւորման եւ գործուն քայլերով Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման հրատապ կարեւորութիւնը: Աւստրալիա Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ` Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը, տեղւոյն հայկական համայնքի անունով, բաց նամակ յղած է վարչապետ Սքոթ Մորիսոնին` կոչ ուղղելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն, ինչպէս նաեւ ասորիներու ու յոյներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Յանձնախումբը յորդորած է վարչապետին` հաւատարիմ մնալու 2011 թուականին խորհրդարանի մէջ ունեցած ելոյթին, ուր ան յայտարարած էր. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացուած ամենասարսափելի յանցագործութիւններէն է: Կարեւոր է, որ մենք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է»: Ի տարբերութիւն խորհրդարանական տարիների գործունէութեանը` արդէն վարչապետ Մորիսոնը, որը պաշտօնը զբաղեցնում է 2018 թուականից, հրաժարուել է կիրառել ,ցեղասպանութիւնէ եզրոյթը` տեղի տալով արտաքին ճնշումներին: Կիպրոս 9 Ապրիլին, կիպրական Սթրովոլոս քաղաքի մէջ բացուած է Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած պուրակ: Նախաձեռնութեան հեղինակներն են «Համերաշխութեան Շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, Արցախի մեծ բարեկամ էլենի Թէոխարիուս եւ Սթրովոլոսի քաղաքապետ Անդրէաս Պապախարալամպուս: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ 17.04.2021 թ.