ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 24-րդ Գերագոյն ժողովը, քննելով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը, գնահատելով հանրային կեանքի մէջ տիրող տրամադրութիւններն ու բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, յետպատերազմական իրավիճակով պայմանաւորուած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, կ՛արձանագրէ. – մեր ժողովուրդի եւ պետականութեան ապագայի համար կենսական անհրաժեշտութիւն կը շարունակեն մնալ նախապես յայտարարուած բոլոր միջոցներով հայրենադաւ իշխանութեան հեռացումն ու մեր երկրի կառավարման համակարգին մէջ նիկոլիզմի ի սպառ բացառումը, – թեեւ ժողովրդական պայքարի արդիւնքով իշխանութիւնները ստիպուած էին յայտարարել արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման մասին, սակայն ակնյայտ է, որ ընտրութիւններու անուան տակ իշխանութիւնը պիտի փորձէ ամեն ինչ ընել վերարտադրուելու համար, – արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու հաւանական իրականացումը պիտի ունենայ ճակատագրական նշանակութիւն մեր ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան պահպանման համար։ Մեկնելով վերոյիշեալ հաստատումներէն եւ արձանագրումներէն՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշեց՝ Ա. արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականանալու պարագային մասնակցիլ՝ զանոնք դիտարկելով որպէս հայրենադաւ իշխանութիւնները հեռացնելու միջոցներէն մէկը, Բ. հաւանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերեալ որոշումներ գոյացնելու լիազօրութիւնը վերապահել ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն ժողովը կոչ կ՛ուղղէ մեր հայրենակիցներուն՝ իւրաքանչիւր զարգացման պարագայի՝ ըլլայ ընտրութիւն, թէ՝ ոչ, շարունակել հայրենադաւ իշխանութիւնները օր առաջ հեռացնելու պայքարը՝ յանուն երկրի ապագային։ ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 24-րդ Գերագոյն Ժողով