«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահականի համակարգումով 20 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող միջազգային գիտաժողով տեղի պիտի ունենայ: Ըստ Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան տարածած յայտարարութեան` գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 3 տարբեր քննարկումներով: Քննարկուող նիւթերը կ’ունենան իրենց ղեկավարներն ու առանձին խորագիրները: Առաջինը կ’ունենայ «1915-ի Իրադարձութիւններն ու Հայկական Հարցը Պատմական Գործընթացի Մէջ» խորագիրը ու կը կատարուի Թուրքիոյ պալատներու ու պորսաներու միութեան տնտեսագիտական ու արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Իւսէֆ Սարընայի ղեկավարութեամբ: Այս ծրագիրին հիմնական բանախօսներէն պիտի ըլլայ նախագահ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Սէյիտ Սերտչելիք, որ յայտնի է ցեղասպանութիւնը ժխտող մը շարք գիտաժողովներու կազմակերպումով: «1915-ի Դէպքերը Միջազգային Իրաւունքի Տեսանկիւնէն» խորագիրով 2-րդ քննարկումին պիտի մասնակցի ԱՄՆ-ի մէջ հայերու կողմէ բացուած դատավարութիւններու ընթացքին թրքական կողմին համար փաստաբանի ծառայութիւններ մատուցած Տէյվիտ Սոլցմէն եւ այլ իրաւաբաններ: Երրորդ «1915-ի Դէպքերու Անդրադարձը Մեր Օրերու Վրայ եւ Ապագայի Հեռանկարները» խորագիրով քննարկումին պիտի մասնակցին թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւններու նախկին նախագահ Էրկիւն Քըրլըքովալըն,հարաւարեւելեան Եւրոպայի ու Կովկասի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (Գերմանիա) տնօրէն Քրիստիան Եոհաննէս Հենրիխ եւ այլօք: Նշուած է, որ բացի Թուրքիայէն գիտաժողովին պիտի մասնակցին ներկայացուցիչներ ԱՄՆ-էն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն ու Իրլանտայէն: