Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, «Տամ Փրէս» հաղորդեց, որ արաբական եւ եւրոպական կարգ մը պետութիւններու մէջ սուրիական դեսպանատուները առիթը կ՚ընծայեն բոլոր սուրիացի քաղաքացիներուն, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել նախագահական ընտրութիւններուն, քուէարկութիւն կատարելու եւ իրենց ազգային եւ քաղաքացիական իրաւունքը ի գործ դնելու։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Լիբանանի, Մոսկուայի եւ Պելառուսի մէջ սուրիական դեսպանատուները արդէն սկսած են պատրաստել ընտրութեան ցուցակները եւ ճշդած են քուէարկութեան միջոցները՝ ըլլան անոնք առցանց կամ անձնապէս դեսպանատուն ներկայանալով։ Յիշենք, որ 2014-ին հրապարակուած սուրիական նախագահական ընտրութիւններու օրէնքին «101» ,«102» եւ «103» թուակիր յօդուածներուն համաձայն, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իրաւասութիւն կ՚ունենայ այլ երկիրներու մէջ սուրիական դեսպանատուներէն պահանջել սուրիացի քաղաքացիներուն նախագահի ընտրութեան մասնակցութեան առիթը ընծայելու, իւրաքանչիւր դեսպանատուն իրեն յարմար նկատած միջոցով։