«Արմէնփրէս».- Հոլլանտայի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք, անդրադառնալով Պաքուի մէջ բացուած «պուրակին», ուր ներկայացուած են հայ զինուորներու կերպընկալները, եւ անոնց դիմաց լուսանկարուած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, յայտնած  է, որ անոնք տհաճ պատկերներ էին:

«Պարոն Տէ Ռուն խնդրեց արձագանգել Ատրպէյճանի նախագահին` հայերուն եւ մահացած հայերու սաղաւարտներու հետ լուսանկարներուն: Անոնք շատ տհաճ պատկերներ են: Աւելի ուշ ես արդէն այս հակամարտութեան մասին յայտարարած եմ, որ կողմերուն կոչ ուղղած եմ լուծումի հասնելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ բանակցութիւններու միջոցով եւ հեռու մնալ վարքագիծէն, որ անհնար կը դարձնէ վերջնական որոշումը», ըսած է նախարարը: