«Էրմէնիհապեր».-Թրքական «ATV»-ի «Akıncı» հաղորդաշարի վերջին մասին մէջ ցուցադրուած է տարածաշրջանի քարտէզը, ուր  Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքներուն վրայ գրուած է  Armenia (Հայաստան):

Միջադէպը մեծ աղմուկ  բարձրացուցած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ, լրատուամիջոցները շտապօրէն արձագանգած են այդ ահազանգին`  որակելով արհեստագիտական լուրջ սխալ:

Հակառակ ընկերային ցանցերու վրայ հաղորդաշարի աշխատակազմի հասցէին ըսուած սուր քննադատութիւններուն` «ATV» հեռուստաընկերութիւնն ու հաղորդաշարի ղեկավարութիւնը որեւէ պարզաբանում չէ կատարած: