«Սթրասպուրկի մէջ 19 Ապրիլին սկիզբ առած է Եւորպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողով (ԵԽԽՎ)  գարնանային լիագումար նստաշրջանը, որուն օրակարգին մէջ ի թիւս այլ հարցերու ներառուած է նաեւ «հայ ռազմագերիներու, այլ պատանդառու անձերու եւ ներքին տեղահանուածներու» նիւթը: Հարցի քննարկումը տեղի կ’ունենայ 20  Ապրիլին իբրեւ ընթացիկ բանավէճի նիւթ: Մինչ այդ հարցի քննարկումը հաստատուած էր ԵԽԽՎ Նախագահութեան  եւ Բիւրոյին մէջ:

Նկատենք, որ հայ ռազմագերիներու հարցը իրականութեան մէջ ոչ միայն Հայաստանի եւ հայութեան հարցն է, այլեւ իրեն «յառաջադէմ», «մարդասէր» եւ «միջազգային իրաւունքի պաշտպան» համարող իւրաքանչիւր պետութեան եւ հասարակութեան: Ատրպէյճանի պէս մարդատեաց եւ յանցագործ պետութեան եւ այդ հակաարժէքները կրող իշխանութեան անպատժելիութիւնը կը վտանգեն ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի արժեհամակարգը, անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը: Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ են դէպքերը, երբ անպատժելի մնացած յանցագործութիւնները ողբերգական հետեւանքներ  ունեցած են մարդկութեան համար եւ խարխլած են համակեցութեան բոլոր ձեւաչափերը: Այսօր հայութեան հանդէպ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումին համարժէք գնահատական տալն ու պատասխանատուութեան ենթարկելը թոյլ կու տան կանխելու հետագայ անցանկալի զարգացումները»: