Երկուշաբթի, 10 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ շնորհաւորագիր յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ նացիականութեան դէմ յաղթանակի 76 -ամեակին առիթով, ծաղկուն եւ բարգաւաճ ապագայ մաղթելով Ռուսիոյ։ Ասատ շնորհաւորագիրին մէջ ըսաւ. «Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Ռուսիոյ ժողովուրդը եւ անցեալի մարտիկները այս հպարտալի տօնին առիթով, որ պատմութեան մէջ կը յիշատակուի որպէս անկախութեան համար Ռուսիոյ ժողովուրդին ձեռքբերած հզօր յաղթանակ»։