Երկուշաբթի, 10 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ ԱՄՆ-ի ուժերը կը շարունակեն Սուրիոյ հանգային հարստութիւններն ու գիւղատնտեսական բերք կողոպտել։ Ճեզիրէի Եաարոպիէ արուարձանէն տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ի հաղորդեցին, որ ԱՄՆ-ի ուժերը 45 փոխադրակառքերով Հասիչէի արուարձանը խուժեցին, քարիւղ կողոպտեցին եւ ուղղուեցան դէպի իրաքեան հողերը, «ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն։ Միւս կողմէ, Սուէտիէ գիւղէն տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին հաղորդեցին, որ 43 ԱՄՆ ուժեր 43 փոխադրակառքերով Թալ Ալոյի ցորենի արտերէն ցորեն կողոպտեցին եւ ուղղուեցան դէպի իրաքեան հողեր։