«Էմանուէլ Մաքրոն համաձայն չէ եռակողմանի համաձայնագիրի կէտերուն հետ, որոնք կը վերաբերին Շուշին եւ Հատրութը Ազրպէյճանին յանձնելուն, ան համոզուած է, որ կայ առիթ բարելաւելու այդ կէտերը», ըսած է Մուրատ Փափազեան: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը 12 Նոյեմբերին իրենց հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ համաձայն չէ եռակողմ համաձայնագիրի կէտերուն հետ, որոնք կը վերաբերին Շուշին եւ Հատրութը Ազրպէյճանին յանձնելուն եւ Հայաստանի հարաւով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար միջանցքի բացմանը: Ան «Թերթ»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահը այսօր ալ համոզուած է, որ այսօր եւ վաղն ալ կայ առիթ շարունակելու բանակցութիւնները եւ բարելաւելու եռակողմանի համաձայնագիրը, այն պայմանով, որ Հայաստանն ալ աշխուժ քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն ունենայ: «Երբ մենք կը պայքարէինք, որ Ֆրանսան կամ միջազգային հանրութիւնը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ըսէր, որ Հայաստանը չի ճանչնար, ինչո՞ւ պէտք է մենք ճանչնանք», ըսաւ ան: Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ ապրիլ 24-ին Էլիզէի պալատին մէջ նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումին քննարկած են Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը: Ան տարակուսանք յայտնեց, թէ ինչո՛ւ մինչեւ հիմա Հայաստանը չէ կրցած լուծել այդ հարցը` հակառակ անոր, որ եռակողմանի համաձայնագիրը կը նախատեսէր բոլոր գերիներուն վերադարձը: «Հայաստանը ինչո՞ւ բոլոր գերիները ազատ արձակեց: Ինչո՞ւ: Ատիկա դիւանագիտական եւ քաղաքական մեծ սխալ է: Պատանին այդ սխալը չէր կատարեր: Ազատ պէտք է արձակէր, երբ ազրպէյճանական կողմը բոլորը ազատ արձակէր: Հիմա Հայաստանը ճնշման ոչ մէկ լծակ ունի», ըսաւ ան: