Երկուշաբթի, 10 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ եւ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի թշնամական եւ անմարդկային ընթացքը Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ։ Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ. «Իսրայէլի Աքսա Մզկիթ խուժելը եւ անոր զուգահեռ իսրայէլեան ուժերուն «Շէխ Ճարրահ», «Պապ Ամուտ» եւ «Սլուան» թաղամասերը խուժելն ու բնակիչները իրենց բնակարաններէն բռնիաբար դուրս հանելը, յատկապէս Ռամատանի Ս. ամսուան ընթացքին, անմարդկային ընթացք կը համարուի։ Միջազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը պէտք է անմիջապէս հարցաքննութեան ենթարկէ իսրայէլեան կառավարութիւնը եւ վերջ դնէ Պաղեստինի ժողովուրդին տառապանքին»։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Սուրիան խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի անմարդկային կեցուածքը Պաղըստինի ժողովուրդին դէմ, մանաւանդ որ Իսրայէլ չի յարգէր միջազգային մարդկային օրէնքները, 1949-ին Ժընեւի համաձայնութեան յօդուածները, եւ Պաղեստիմեան դատին վերաբերող միջազգային բոլոր որոշումները։