ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ընկերներէն կազմուած պատուիրակութիւնը 10 եւ 11 Մայիսին Սիւնիքի մէջ էր:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան դիմատետրի  էջին վրայ գրուած է.

«Մենք այցելեցինք Կապան, Գորիս եւ Սիսիան քաղաքներ, քննարկեցինք տեղւոյն երիտասարդներու դժուարութիւններն ու կարիքները:

Արդէն վերադարձած ենք Երեւան եւ լծուած ենք մեր արձանագրած հարցերու լուծումներու որոնման աշխատանքներուն:

Մինչ նոր հանդիպում Սիւնիք, կը խոստանանք երկար չսպասեցնել»: