Հինգշաբթի, 13 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, ուր խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ գործած ոճիրները, որոնք կը հակասեն միջազգային պայմանագրութիւններուն եւ մարդկային բոլոր օրէնքներուն։ Խորհրդարանը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պաղեստինի ժողովուրդին, շեշտելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը, որ տարիներէ ի վեր ահաբեկչութեան ոճիրներէն կը տառապի, զօրավիգ կը կանգնի Պաղեստինի իր եղբայր ժողովուրդին, հաստատելով, որ երկու ժողովուրդներուն թշնամին մէկ է, այնպէս ինչպէս՝ ճակատագիրն ու յաղթանակը։ Խորհրդարանը եզրափակելով իր հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընկերութեան անմիջապէս միջամտելու եւ վերջ դնելու Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան անմարդկային արարքներուն։