Չեմ գի­տեր թէ ինչ­պէ՛ս եւ ին­չո՛ւ մտա­ծե­ցի գրել ճե­մա­րա­նա­կանի յու­շե­րէս պա­տա­ռիկ մը: Պատ­ճա­ռը թե­րեւս այն է, որ անց­եալ շա­բաթ ան­ցած էի դպ­րո­ցիս թա­ղէն, հայ­եացքս ուղ­ղած դռ­նէն ներս, ու հա­ճոյ­քով դի­տած, թէ ինչ­պէ՛ս աշա­կերտ­նե­րէն մաս մը կը խա­ղար, ու­րիշ­ներ նս­տած կը գրէ­ին, ոմանք ալ իրա­րու հետ կը զրու­ցէ­ին: Պատ­կե­րը զիս դէ­պի անց­եալ փո­խադ­րած էր, ու մտ­քիս մէջ Քա­րէն Եփ­փէ Ազ­գա­յին Ճե­մա­րա­նին եւ իմ սի­րե­լի ու­սու­ցի­չին՝ պրն. Մկր­տիչ Մկր­տիչ­եա­նին առն­չուող ան­մեռ յու­շեր տո­ղան­ցել սկ­սած էին:
Այդ տա­րի­նե­րուն հա­յե­րէ­նի դա­սա­գիրք չու­նէ­ինք: Պրն. Մկր­տիչ­եան օր­ուան դա­սը բե­րա­նա­ցի կ’աւան­դէր, մենք ալ գրի կ’առ­նէ­ինք: Ան մի­ա­ժա­մա­նակ կը շր­ջէր դա­սա­րա­նին մէջ, կ’անց­նէր մեր գրա­սե­ղան­նե­րուն քո­վէն, թե­լադ­րան­քեր կու տար, եւ ամե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ իր սուր աչ­քե­րով ուղ­ղագ­րա­կան սխալ­ներ կ’որ­սար ու կը սր­բագ­րէր:
Այս վեր­ջի­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար յա­ճախ հնար­քի մը կը դի­մէի: Երբ նկա­տէի ու­սու­ցի­չիս մօ­տե­նա­լը, կը փոր­ձէի թուղթս պա­հել, որ­պէս­զի ան չն­կա­տէր ուղ­ղագ­րա­կան սխալ­ներս: Բայց ապ­շած կը լսէի իր դի­տո­ղու­թիւնը. փա­խուստ չկար, ան կը նկա­տէր պահ­ուած թուղ­թին վրայ ար­ձա­նագր­ուածն ան­գամ եւ տեղ­ւոյն վրայ կը մատ­նան­շէր սխալ­նե­րը ըսե­լով.
-Եփ­րու­հի՛, այ­սինչ բա­ռը գ-ով գրէ, միւ­սը՝ ռ-ով:
Բնա­ւո­րու­թեամբ բծախըն­դիր, պա­հանջ­կոտ, բայց նա­եւ՝ հո­գա­տար եւ գնա­հա­տող պրն. Մկր­տիչ­եա­նը ու­նէր պատ­մե­լու իւ­րա­յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն։ Ան դէպ­քե­րը կը վե­րա­ծէր կեն­դա­նի պատ­կեր­նե­րու, իսկ մենք կը տե­ղա­փոխ­ուէ­ինք այդ երե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հը ու կը դառ­նա­յինք դէպ­քին հե­րոս­նե­րը։ Կր­նամ ըսել, որ հա­յե­րէ­նի մեր դա­սա­պա­հե­րը այն­քան հե­տաքրք­րա­կան էին, որ միայն պահ­ուան աւար­տը յայ­տա­րա­րող զան­գին ձայ­նը կ’ըլ­լար դա­սա­րա­նին քար լռու­թիւնը խան­գա­րո­ղը։
Անոնք, որոնք աշա­կեր­տած են պրն. Մկր­տիչ­եա­նին, լաւ կը յի­շեն իր դաստ­ի­ա­րա­կիչ նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րը: Ան սոսկ դաս չէր աւան­դեր, այ­լեւ հա­յե­րէ­նը կը սիրց­նէր, անոր գե­ղեց­կու­թիւնն ու հարս­տու­թիւնը կը պար­զէր:
Պրն. Մկր­տիչ­եա­նին աղ­ջի­կը՝ Լո­ռի­կը, ամե­նամ­տե­րիմ ըն­կե­րու­հիս էր: Յա­ճախ Լո­ռիկն ու ես մի­ա­սին տուն կը վե­րա­դառ­նա­յինք: Կար­ծէք դպ­րո­ցի եօ­թը պա­հե­րը բա­ւա­րար չէ­ին, ան­պայ­ման իրենց շէն­քի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կը շա­րու­նա­կէ­ինք մեր զրոյ­ցը: Երբ պրն. Մկր­տիչ­եան տուն վե­րա­դառ­նար եւ մեզ տես­նէր մի­ա­սին, նուրբ շեշ­տով մը կ’ըսէր.
-Եփ­րու­հի՛, հոս ի՞նչ կ’ընես:
Ան­շուշտ գի­տէր, թէ ի՛նչ կ’ընէի, կը ժպ­տէր, կը ժպ­տէ­ինք, ինք կը բարձ­րա­նար տուն, իսկ մենք կը շա­րու­նա­կէ­ինք մեր ան­վերջ զրոյ­ցը:
Իրենց տան յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­նե­րէն մին էի։ Լո­ռի­կին մայ­րը՝ տի­կին  Զուար­թը, որուն անու­նը կար­ծէք հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լար իր էու­թեան, հիւ­րա­սէր եւ ժպ­տե­րես էր, այն­պէս ինչ­պէս՝ ու­սու­ցիչս։
Ճիշդ է որ եր­կար տա­րի­ներ ան­ցած են այդ օրե­րէն, սա­կայն շնոր­հիւ պրն. Մկր­տիչ­եա­նին, հա­յե­րէ­նի հան­դէպ սէրս ու հե­տաքրք­րու­թիւնս եր­բեք չեն խամ­րած, այլ զիս ուղ­ղած են Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան հիմ­նարկ:
Աստ­ուած հո­գիդ լու­սա­ւո­րէ, սի­րե­լի՛ ու­սու­ցիչ:
Եփրուհի Ճինէճեան-Մինասեան