Վա­րագ Առա­քել­եա­նը գտայ շատ փոքր, նեղ ու յա­րա­բե­րա­բար աւե­լի եր­կար աշ­խա­տա­սեն­եա­կի մը մէջ:
Պար­թե­ւա­հա­սակ, ուղ­ղա­ձիգ, առիւ­ծի բո­լո­րո­վին սպի­տակ բա­շե­րով, ըստ ամե­նայ­նի կայ­տառ, գե­ղե­ցիկ  ար­տա­քի­նով, հաստ վե­րարկ­ուի  մէջ փաթթ­ուած ութ­սու­նամ­եայ ծե­րու­նի մըն էր  ոտ­քի կանգ­նող ու ին­ծի ձեռ­քը եր­կա­րող տղա­մար­դը:
-Թոյլ  տուէք, որ համ­բու­րեմ այն աջը, որ գրած է «Հա­յե­րէ­նի Շա­րա­հիւ­սու­թիւնը»,- ըսի՝ խո­նար­հե­լով անոր դաս­տա­կին վրայ՝ քիչ մը շլ­մո­րած հայ­եաց­քին տակ:
Են­թադ­րե­լի է, որ ամէ­նօր­եայ  արա­րո­ղա­կարգ մը չէր տե­ղի ու­նե­ցած սր­տա­բուխ ու ըստ ամե­նայ­նի ան­կեղծ «բե­մադ­րու­թիւնը», երբ  բո­լո­րո­վին պա­տա­հա­կան ան­ծա­նօթ մը երախ­տա­գի­տա­կան նման ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ցու­ցա­բե­րէր իր աւե­լի քան քսա­նամ­եայ հնու­թիւն ու­նե­ցող մէկ աշ­խա­տու­թեան հան­դէպ:
Ապա ներ­կա­յա­ցու­ցի ինք­զինքս:
Եւ անոր հե­տաքր­քիր հայ­եաց­քին տակ՝ իրեն եր­կա­րե­ցի «Վե­նե­տի­կի Առ­ձեռն»ի  ան­թիլ­ի­ա­սա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւնը, որ շատ աւե­լի յա­ջող էր, քան բնա­տի­պը, որ կա­տար­ուած էր  առ­ջի դա­րու 60-ական­նե­րուն Վի­են­նա­յի մէջ: Հետս տա­րեր էի եր­կու օրի­նակ, մէ­կը՝ իրեն, միւ­սը՝ ԵՊՀ-ի դա­սա­խօս­նե­րէն Վա­ղար­շակ Քոս­եա­նի հա­մար, որ իր կար­գին մեր վաս­տա­կա­ւոր լեզ­ուա­բան­նե­րէն էր եւ հե­ղի­նակն էր, ի շարս այ­լոց,  «Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի Բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րը» աշ­խա­տութ­եան:
Պա­հիկ մը թեր­թա­տեց տուած բա­ռա­րանս,  ապա գո­հու­նակ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը ըսաւ՝ առա­ջին ան­գամ լսե­լի դարձ­նե­լով ձայ­նը.
-Ըն­տիր հրա­տա­րա­կու­թիւն է:
-Աւե­լի ըն­տիրն ալ ու­նինք,- վրայ բե­րի:
-Եւ  պա­տե­րազ­մի այս խառ­նակ օրե­րուն  «Առ­ձե՞ռն» կը հրա­տա­րա­կէք…
Ապա դառ­նա­լով ձա­խին, ան­թոյ­լատ­րե­լի մո­ռա­ցում մը դար­մա­նո­ղի շեշ­տով, դրան ճիշդ աջին, նեղ սե­ղա­նի մը շուրջ բազ­մած սպի­տա­կա­հեր տա­տի­կի մը ուղ­ղու­թեամբ՝ ըսաւ.
-Ներ­կա­յաց­նեմ քար­տու­ղա­րու­հիս: Աւե­լի քան 40 տա­րի առաջ էր, երբ հա­լա­ծա­կան եղ­նի­կի երկ­չոտ քայ­լե­րով մտաւ այս դռ­նէն ու այդ մտ­նելն էր: Մի­ա­սին ապ­րե­ցանք ու գոր­ծե­ցինք այս ամ­բողջ ժա­մա­նա­կը:
Իրեն խօ­սե­ցայ մեր առա­քե­լութ­եան մա­սին, ապա ակ­նար­կե­ցի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուս, թուե­ցի իր­մէ կար­դա­ցած հա­տոր­ներս, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ յօն­քե­րը քիչ մը աւե­լի պռըս­տե­լուն եւ նայ­ուած­քը սե­ւե­ռե­լուն:
Տա­տի­կին դէմ­քը, որ ար­դէն կը ժպ­տէր, շատ աւե­լի լու­սա­ւոր­ուե­ցաւ:
Ապա հար­ցու­ցի, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ աշ­խա­տու­թիւնը:
Եւ իմա­ցայ, որ հի­մա նա­խա­ձեռն­ուած էր պատ­րաս­տու­թեա­նը  ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նի բա­ռա­րա­նի մը՝ քսան հա­տո­րով, իւ­րա­քան­չիւ­րը մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­զար էջա­նի… որ  պի­տի ընդգր­կէր գրա­բա­րի, մի­ջին հա­յե­րէ­նի եւ աշ­խար­հա­բա­րի եր­կու ճիւ­ղե­րու բո­լոր բա­ռե­րը անխ­տիր՝ բնագ­րա­յին  ճոխ վկա­յու­թիւն­նե­րով: Փաս­տօ­րէն՝ հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին բնոյ­թի ան­նա­խըն­թաց գործ մը: Եւ աւել­ցուց, որ ար­դէն մե­քե­նագ­րած-պատ­րաս­տած է առա­ջին հա­տո­րը՝ նուիր­ուած Ա տա­ռին:
Այս  ըսե­լով ոտ­քի ելաւ, ձեռ­քը եր­կա­րեց գլ­խուն վե­րե­ւի դա­րա­նին եւ ան­կէ իջեց­նե­լով  հաս­տա­փոր հա­տոր մը՝ դրաւ զայն սե­ղա­նին վրայ ու ան­կէ թեր­թա­տեց քա­նի մը էջ այն 1300-էն, որոնք  կը  կազ­մէ­ին  ամ­բող­ջու­թիւնը:
-Այս բո­լո­րը ինչ­պէ՞ս գլուխ պի­տի ել­լէ հար­ցու­ցի՝ ձայ­նիս խառ­նե­լով յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին  ակ­նար­կող վե­րա­պահ երանգ մը, որ շատ  յս­տակ կը մատ­նէր ինք­զինք, եւ շատ ալ լաւ ըմբռ­նեց  ան:
-Ես մի­ակ աշ­խա­տո­ղը չեմ,- վրայ բե­րաւ շատ հան­դարտ,-  եւ յե­տոյ՝  պայ­ման չէ, որ ան մեր օրե­րում աւար­տի…կա­րե­ւո­րը ծրագ­րելն է. մենք կը սկ­սենք, ու­րիշ­ներ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծը:
Այ­նու­հե­տեւ յա­ճախ հարց տուած եմ, թէ ի՛նչ եղաւ այդ եզա­կան բա­ռա­րա­նին ճա­կա­տա­գի­րը տա­րի մը ետք հա­սած ան­կա­խու­թեան եւ անոր յա­րու­ցած խառ­նաշ­փո­թու­թեան  ու դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ու մա­նա­ւանդ, երբ  եր­կու տա­րի ետք վերս­տին այ­ցե­լե­ցի ու այն­տեղ չգ­տայ զինք, այ­նու­հե­տեւ 1994-ին՝ եր­րորդ այ­ցե­լու­թեանս, ըս­ուե­ցաւ, որ ան  դադ­րած է ծա­ռա­յե­լէ, իսկ վեց տա­րի ետք ալ՝ 2000-ին,  ընդ­միշտ փա­կեց աչ­քե­րը:
Այդ ծրա­գի­րը գո­յու­թիւն ու­նի տա­կա­ւին ու մնա­ցին զայն փայ­փա­յող­ներ:
* * *
Այդ պա­հուն փո­ղո­ցէն լս­ուե­ցան աղ­մուկ­ներ, կո­չեր, լո­զունգ­ներ, շար­ժող բազ­մու­թեան  ան­հան­գիստ կան­չեր, որոնց բա­ւա­կան ըն­տե­լա­ցեր էինք մեր կե­ցու­թեան օրե­րուն: Առա­քել­եան տե­ղէն ելաւ, մօ­տե­ցաւ պա­տու­հա­նին, դի­տեց պահ մը, ապա տհաճ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը վե­րա­դար­ձաւ՝ մռլ­տա­լով բա­ներ մը: Ակ­նար­կեց եր­թը կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն, անոնց ան­ձին ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, որոնց շատ չէր հա­ւա­տար կամ թէ որոնց հետ այն­քան ալ հաշտ չէր թուեր ըլ­լալ:
Են­թադ­րե­լի է, որ ու­նէր դժ­գո­հու­թիւն մը:
-Մեզ ամէն օր աւե­լի աղ­քա­տաց­նում են,- թռաւ բեր­նէն, ու չհասկ­ցայ,  թէ կ’ակ­նար­կէր ցոյ­ցե­րուն ու ցու­ցա­րար­նե­րուն, թէ՞ այլ հան­գա­մանք­նե­րու,- պատ­կե­րաց­րու, որ  ներ­կա­յիս միայն 50 տո­լար է ամ­սա­կան եկա­մուտս…
Ու­րեմն՝  լաւ օրե­րու 300  ռուբլիի  պատ­կա­ռե­լի  ամ­սա­կա­նը դար­ձած էր, իր հա­շուով,   50 տո­լար, մինչ ես, որ շատ աւե­լի լաւ կը ճանչ­նա­յի այ­լեւս խորհր­դա­յին սա­կա­րա­նին ելե­ւէջ­ներն ու սեւ շու­կա­յի խա­ղե­րը, գի­տէի, որ ան միայն 30  տո­լար էր:
Մե­քե­նա­բար հաշ­ուե­ցի այս բո­լո­րը եւ ու­նե­ցայ հո­գե­կան փղձ­կում մը:
Այս տա­րո­ղու­թեան մտա­ւո­րա­կան մը միայն 30 տո­լար վար­ձատր­ուէր…
 -Ստա­լի­նի օրերն ալ սկ­սան գե­րա­զան­ցել:
Կ’ակ­նար­կէր, հա­ւա­նա­բար, յի­սու­նա­կան­նե­րու առա­ջին տա­րի­նե­րուն, ուր նախ­կին ռուբ­լին այն­քան ար­ժեզրկ­ուե­ցաւ, որ հարկ եղաւ ա՛լ կա­սեց­նել անոր գոր­ծա­ծու­թիւնը եւ փո­խա­նա­կել զայն նո­րով՝ 10 հի­նի փո­խա­րէն հա­տու­ցե­լով միայն մէկ նոր ռուբ­լի: Այս փո­խա­րի­նու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­րա­բե­րա­բար կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ, ուս­տի շա­տեր չհաս­ցու­ցին իրենց հին խնա­յո­ղու­թիւնը դրա­մա­տուն տա­նիլ՝ փո­խա­նա­կե­լու հա­մար  նո­րով,  մինչ ու­րիշ­ներ կը խու­սա­փէ­ին ցու­ցադ­րե­լէ իրենց ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը,  ասոնց վրայ գու­մա­րած  փո­խա­նակ­ման կեդ­րոն­նե­րու սա­կա­ւու­թիւնն ու ան­կա­նո­նու­թիւնը,- այս բո­լոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րը  պատ­ճառ դար­ձան  որ շա­տեր չկա­րե­նան փո­խա­նա­կել   իրենց ու­նե­ցա­ծը  կամ անոր մէկ մա­սը:
Շա­տեր, այ­նու­հե­տեւ,  դառ­նու­թեամբ, բայց բո­լո­րո­վին հա­մոզ­ուած, այդ հապ­ճե­պը կը վե­րագ­րէ­ին Ստա­լի­նի մէկ դա­ւադ­րու­թեան, որ կը մի­տէր առ ոչինչ հա­նե­լու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու  խնա­յո­ղու­թիւնը, գէթ անոր մեծ մա­սը: Պե­տու­թեան պա­հեստ­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու, իր նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու նենգ մի­ջոց մը, որ բնաւ զար­մա­նա­լի չէր,  եւ բո­լո­րո­վին կը պատ­շա­ճէր Ստա­լի­նի դա­ւա­դիր նկա­րագ­րին:
Հա­մայ­նա­վար ձա­խող տն­տե­սու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը դար­մա­նե­լու սա­դա­յէ­լա­կան մի­ջոց մը՝ շատ ու­րիշ մի­ջոց­նե­րու շար­քին, որոնց դի­մեց  այդ հրէ­շա­յին վար­չա­կար­գը մաս­նա­ւո­րա­բար իր գո­յու­թեան առա­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րուն:
Ստա­լի­նի ան­ուան ոգե­կո­չու­մը մռայ­լե­ցուց  անոր գե­ղե­ցիկ դէմ­քը:
Եւ յան­կարծ բո­լո­րո­վին փո­խեց խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը:
-Անվ­տան­գու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րը գրե­թէ ամէն օր կը հան­դի­պէ­ին ինս­տի­տուտ՝ աշ­խա­տա­կից­նե­րից մէկ­նու­մէ­կը տա­նե­լու հա­մար հար­ցաքըն­նու­թեան, որ կը նշա­նա­կէր  աք­սոր կամ գն­դա­կա­հա­րու­թիւն: Մեզ­նից իւ­րա­քան­չիւ­րը սր­տատ­րոփ  սպա­սում էր իր հեր­թին:
Ծա­նօթ.-Խորհր­դա­յին քա­ղա­քացի­ին հա­մար, որ ապ­րած է ստա­լին­եան դա­ժա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն, շատ սո­վո­րա­կան է գա­ղա­փար­նե­րու այս­պի­սի բե­կում­նա­յին զու­գոր­դու­թիւն կա­տա­րել, երբ բո­լո­րո­վին չս­պաս­ուած ու ան­բա­ցատ­րե­լի առի­թով մը ան յի­շէ ու պատ­մէ այդ տա­րի­նե­րը  բնո­րո­շող դր­ուագ մը, որ  առա­ջին հայ­եաց­քով բնաւ չի հա­մա­տեղ­ուիր  ըն­թա­ցող խօ­սակ­ցու­թեան հետ, անոր ծի­րէն բո­լո­րո­վին դուրս ին­կող  պա­տում մըն է, որ կը կա­տա­րէ խօ­սա­կիցդ: Սա­կայն վեր­ջը  կա­մաց-կա­մաց կը հասկ­նաս  անոր հո­գին փո­թոր­կող ալիք­նե­րուն ծալ­քե­րը ու կ’անդ­րա­դառ­նաս, որ ան  յու­սա­հատ ու ակա­մայ փորձ մը կը կա­տա­րէ ձեր­բա­զա­տե­լու, ի բաց վա­նե­լու զինք յա­րա­տեւ հա­լա­ծող ու խեղ­դիչ յի­շա­տա­կէն, որ  միշտ ներ­կայ է անոր մէջ ու չ’ու­զեր բաժն­ուիլ իր­մէ:
Այն­քան ազդ­ուած կը պատ­մէր, որ դէմ­քին  մկան­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը մաս­նակ­ցէր անոր հո­գե­կան պր­կում­նե­րուն: Շատ դիւ­րին էր կռա­հել, թէ  ան որ­քան  խոր կը վե­րապ­րէր ամ­բողջ սոս­կու­մը, որ այդ տա­րի­նե­րը պատ­ճա­ռած էին  նախ իրեն, նա­եւ շր­ջա­պա­տին:
Ի լրումն այս բո­լո­րին՝ ահա կը պա­տա­հի, որ օր մը, դրան առ­ջե­ւէն պա­տահ­մամբ անց­նող ծա­նօթ գոր­ծա­կալ մը, գլու­խը ներս եր­կա­րէ՝ առանց մտ­նե­լու, եւ  քիչ մը զար­մա­ցած, բայց եւ ամե­նայն լր­բու­թեամբ  հարց­նէ. «Դու տա­կա­ւին էս­տե՞ղ ես…»:
-Ու այս  մա­զերս այդ օրը սպի­տա­կե­ցին:
Շունչս բռ­նած մտիկ կ’ընէի, երբ ծխե­լու սուր պա­հանջ մը զգա­ցի:
Հա­նե­ցի ծխա­մորճս ու ծխա­խո­տի քսակս եւ կը պատ­րաստ­ուէի լեց­նել:
Ձեռ­քը դէ­պի ին­ծի ուղ­ղեց՝ մատ­նե­րը լայն բա­ցած եւ.
-Կը խնդ­րեմ, որ չծ­խես,- շշն­ջաց  շատ  մեղմ, գրե­թէ թա­խան­ձա­գին շեշ­տով մը:
Ու ես հրա­ժա­րե­ցայ ծխե­լէ:
Արմենակ Եղիայեան