Ի՞նչ տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի լու­ծար­քի որո­շու­մին՝ օրի­նա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձի նա­խօր­եա­կին, երբ այ­լա­պէս պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող օրեր ապ­րե­ցանք: Պահ մը առանձ­նաց­նենք նա­խըն­թաց քա­նի մը օրերը, որով­հե­տեւ հոն կայ ընտ­րա­պայ­քա­րի տաք հար­ցե­րու խտա­ցու­մը (ո՛չ բո­լոր հար­ցե­րը, յա­մե­նայն­դէպս)։
8 եւ 9 Մա­յի­սը Շուշիի ազա­տագր­ման տա­րե­դարձն էր: 1992-էն ի վեր, այս տա­րե­դար­ձը պար­ծան­քով եւ յաղ­թա­նա­կո­ղի հպար­տութ­եամբ կը տօ­նէ­ինք թէ՛ Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի եւ թէ ար­տերկ­րի մէջ: Այս տա­րի, պատ­կե­րը եղաւ տար­բեր. հայ­րե­նի լրա­տու աղ­բիւ­րնե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հե­տե­ւո­ղը պի­տի հասկ­նար, թէ «դժ­բախտ ու տժ­գոյն Շու­շի» բնու­թագ­րու­մը ինչ­պէ՛ս եկած-նս­տած է ու կը մարմ­նա­ւո- ր­ուի մեր հո­գե­վի­ճա­կին, հա­յու­թեան նոր կեան­քին եւ մա­նա­ւանդ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ:
Ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը նշ­մար, լայն մեկ­նա­բա­նու­թիւնը ձգե­լով ըն­թեր­ցո­ղին:
Սկ­սե­լու հա­մար. նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րուն շար­քին, Հայ­ա­ստանն ալ նոյն օրը կը տօ­նէ հիթ­լե­րա­կան Գեր­ման­իոյ վրայ ար­ձա­նագր­ուած յաղ­թա­նա­կին տա­րե­դար­ձը, կը յի­շէ նա­ցի­նե­րու եւ ֆա­շա­կան­նե­րու դէմ աշ­խար­հին մղած պա­տե­րազ­մին հա­յու­թեան ծա­ւա­լուն մաս­նակ­ցու­թիւնը, յար­գան­քով կը խո­նար­հի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կին (եւ ինչ­պի­սի՜ գին վճա­րած ենք…): Զոյգ տօ­նե­րուն առի­թով, անց­եալ տա­րի­նե­րուն տե­ղի կ’ու­նե­նա­յին զօ­րա­հան­դէս­ներ, Շուշիի ազա­տագր­ման յաղ­թա­նա­կը հա­մա­հունչ դար­ձած էր «Հայ­րե­նա­կան պա­տե­րազմ»ին շահ­ուած յաղ­թա­նա­կին, կը տօ­նախմբ­ուէր անոր առըն­թեր: Այս տա­րի, «Հայ­րե­նա­կան պա­տե­րազմ»ին շու­քը գե­րակշ­ռեց Շուշիի ազա­տագր­ման՝ յաղ­թա­նա­կին երե­սը, իսկ Շուշիի կո­րուս­տին դառ­նու­թիւնը, իր կար­գին, իր շու­քը տա­րա­ծեց աշ­խար­հա­մարտ­եան յաղ­թա­նա­կին վրայ: Նսե­մա­ցաւ նա­եւ «Եռա­տօն»-ը, եր­րոր­դը՝ բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման տօնն է:
Զոյգ տա­րե­դարձ­նե­րուն յի­շա­տա­կու­մը մնաց արա­րո­ղա­կա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ: Բ. Աշ­խար­հա­մար­տին մասն­ա­կցած վե­թե­րան մը դառ­նու­թեան զգա­ցու­մը ամ­փո­փեց մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տեւ­եալ քա­նի մը բա­ռով: Տխուր ենք, Շուշիի եւ Ար­ցա­խի մեծ մա­սին կո­րուս­տը շատ աւե­լի զգա­լի է այ­սօր, քան թէ «Հայ­րե­նա­կան պա­տե­րազմ»ին շահ­ուած յաղ­թա­նա­կը…
ՀԵ­ՐՈՍ­ՆԵ­ՐՈՒ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿՈՒՄ
Եռաբ­լու­րի, Ար­ցա­խի եւ այլ շըր­ջան­նե­րու մէջ հե­րոս­նե­րուն ու նա­հա­տակ­նե­րուն մա­տուց­ուած յար­գան­քը, ինչ­պէս ըսինք, եղաւ կիս­կա­տար եւ «մաս­նավ­ճար­նե­րով»: Ու­շագ­րաւ դէպք մը ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ Շա­բաթ օր. Շուշիի ազա­տագր­ման՝ «Լեռ­նե­րու հար­սա­նի­քը» գոր­ծո­ղութ­եան ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը՝ Ար­կա­տի Տէր Թա­դե­ւոս­եան (որուն մահ­ուան քա­ռա­սունքն էր շա­բա­թա­վեր­ջը) ար­ժա­նա­ցաւ հայ­րե­նի­քի հե­րո­սի կո­չու­մին եւ հա­մա­պա­տաս­խան շքան­շա­նի: Յար­գե­լով հա­մեստ ու նուիր­եալ հե­րո­սին ար­ժա­նիք­ներն ու յի­շա­տա­կը, եր­կար չմեկ­նա­բա­նենք, թէ արդ­եօք նա­խա­գահ Ա. Սարգս­եան (նա­եւ նախ­կին պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը) ին­չո՞ւ այս­քան եր­կար պէտք էր սպա­սէ­ին՝ նման պատիւի շնոր­հու­մին հա­մար, յե­տոյ, նա­խա­գա­հին կող­մէ շնոր- հ­ուած շքան­շան մը ին­չո՞ւ պէտք է հե­րո­սին զաւ­կին յանձն­ուէր հրա­ժար­եալ-պաշ­տօ­նա­թող վար­չա­պե­տին կող­մէ: (Ահա թէ մին­չեւ ուր կը հաս­նի ընտ­րա­կան ար­շա­ւը…)
Նկա­տե­լի էր, որ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տին բա­ռամ­թեր­քը այ­լա­պէս փո­փո­խու­թիւն մը ապ­րած էր այս տա­րե­դար­ձին առի­թով: Ան ցա­ւով յի­շա­տա­կեց, որ «Շու­շին այ­լեւս մե­զի հետ չէ, կը սգանք կո­րուս­տը, սա­կայն պէտք չէ մոռ­նանք անոր ազա­տագ­րու­մը իրա­կա­նա­ցու­ցած հե­րոս­ներն ու նա­հա­տակ­նե­րը»:          Շու­շին յան­կարծ դադ­րե­ցա՞ւ «տըժ­գոյն եւ դժ­բախտ» ըլ­լա­լէ…: Նա­խա­գահ Ա. Սարգս­եան եւս սու­գի եւ դառ­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով յի­շեց մեր կո­րուստ­նե­րը եւ առանց յս­տա­կաց­նե­լու՝ յայ­տա­րա­րեց, թէ պի­տի յաղ­թենք: Ցան­կա­լի էր, որ գոր­ծա­դի­րին վե­րին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յի­շա­տա­կէ­ին, թէ ո՞վ խլած է Շու­շին եւ այլ տա­րածք­ներ, թէ՝ որո՞նք են մեր յաղ­թա­նա­կին հաս­ցէ­նե­րը: Փաս­տօ­րէն, վեր­նա­խա­ւի հրա­պա­րա­կա­յին ար­տա­յա­յտու­թիւն­նե­րուն մէջ կը բա­ցա­կա­յէ­ին թուրքն ու ազե­րին դա­տա­պար­տող եւ մեր պա­հանջ­նե­րը յս­տա­կօ­րէն ար­ձա­նագ­րող բա­ժին­ներ, ա՛յն՝ որ հա­յը ինք­զինք տէ­րը կը ճանչ­նայ Շուշի­ին եւ բռ­նագ­րաւ­ուած հո­ղե­րուն, վճ­ռած է վե­րա­տիր­անալ անոնց: Մինչ­դեռ ահա նոր… սգա­տօն մը կ’աւել­նայ մեր օրա­ցոյ­ցին վրայ:
ԱԶԱ­ՏԱԳ­ՐՈՒ­ՄԻ ՈԳԵ­ԿՈ­ՉՈՒՄ
Եթէ վար­չա­պե­տին եւ նա­խա­գա­հին ար­տա­յայ­տու­թեանց մէջ միայն «պար­տադր­եալ» ակ­նար­կու­թիւն­ներ կա­յին Շուշիի ազա­տա- գր­ման եւ Ար­ցա­խի ի խն­դիր ին­կած նա­հա­տակ­նե­րուն, պաշտ­պան հե­րոս­նե­րուն, ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ար­ձա­նագ­րենք, որ կարգ մը լրա­տու աղ­բիւ­րներ (կարճ կամ եր­կար վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րով) կանգ առին Շուշիի ազա­տա- գր­ման եւ 44-օր­եայ աղէ­տա­լի պա­տե­րազ­մին վրայ. մեր ու­շադ­րու­թիւնը մաս­նա­ւո­րա­բար գրա­ւեց «Եր­կիր Մետ­իա»ի հա­ղոր­դու­մին վեր­ջին բա­ժի­նով տր­ուած՝ երի­տա­սար­դի մը կեց­ուած­քը. Շու­շին ազա­տագ­րե­ցինք 29 տա­րի առաջ, դարձ­եալ պի­տի ազա­տագ­րենք մօ­տիկ ապա­գա­յին, ըսաւ ան: Տար­բեր սե­րունդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, նե­րառ­եալ «Երկ­րա­պահ ջո­կատ­ներ»ու պա­տա­նի­նե­րէն մէկ քա­նին նոյն կամ­քը ար­տա­յայ­տե­ցին Կի­րակիի յու­շա­հան­դէս­նե­րուն պա­հուն: Ազա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մին ու վեց ամիս առաջ­ուան դէպ­քե­րուն սեղմ ներ- կա­յա­ցում մը եղաւ նա­եւ այլ կա­յա­նէ մը, ռու­սե­րէ­նով:
ԱԶԵՐ­Ի­Ա­ԿԱՆ «ՄՇԱ­ԿՈՅԹ»
…Շու­շին (նե­րո­ղու­թիւն, «Շու­շա»ն) «տժ­գոյն ու դժ­բախտ» չի սե­պեր Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը, որ շա­բա­թա­վեր­ջին արար աշ­խար­հի ծա­նու­ցեց, թէ Ար­ցա­խի մեր գո­հա­րը կը հռ­չա­կէ Ատր­պէյ­ճա­նի «մշա­կոյ­թի մայ­րա­քա­ղա­քը»:
Մենք՝ հա­յերս, եւ մե­զի նման՝ թուրք-ազերի­ին «մշա­կոյթ» հաս­կա­ցու­թեան ծա­նօթ­նե­րը հի­մա նոր փաս­տեր կը թի­զեն այդ հաս­կա­ցութ­եան կի­րարկ­ման ի տես: Թուր­քին ու ազերի­ին հա­մար, «մշա­կոյթ» կը նշա­նա­կէ… քան­դում, աւե­րում, կո­ղո­պուտ: Ահա ա՛յդ «մշա­կոյթ»ին նո­րա­գոյն կի­րար­կումն է որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ Ար­ցա­խէն գրաւ­ուած տա­րած­քնե­րուն մէջ, վեր­ջին օրի­նակն էր Շուշիի Ս. Ամե­նափր­կիչ – Ղա­զան­չե­ցոց – Տա­ճա­րին գմ­բէ­թին քան­դու­մը, իսկ շղ­թան ծայր տուաւ պա­տե­րազ­մի դադ­րե­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, եկե­ղե­ցի­նե­րու եւ յու­շա­կո­թող­նե­րու քան­դում­նե­րով ու փոշ­ի­ա­ցում­նե­րով, շղ­թան կ’եր­կա­րի աղա­ւա­ղում­նե­րով (Նա­խի­ջե­ւա­նի խաչ­քա­րե­րը չենք մոռ­ցած): Այս մա­սին չ’ար­ժեր եր­կար խօ­սիլ, այլ միայն ափ­սո­սալ, որ այս ող­բեր­գու­թիւնն ալ ընտ­րա­կան խա­ղա­քար­տի կը վե­րած­ուի Թուրք­իոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նին հետ դեռ երէկ բա­րե­կա­մու­թիւն խա­ղա­լու ելած իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն կող­մէ: Դժ­գո­հու­թեան եւ բո­ղո­քի ձայ­ներ կը լս­ուին խորհր­դա­րա­նէն, գոր­ծա­դի­րէն եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն, սա­կայն նոյն շր­թունք­նե­րը չեն դադ­րիր երկ­րորդ լա­րին վրայ պա­րե­լէ. «Ճամ­բա­նե­րու ապաշր­ջա­փա­կում»ի քա­րո­զը կը կրկն­ուի աւր­ուած ձայ­նապ­նա­կի մը պէս, նո­րա­գոյ­նը՝ խորհր­դա­րա­նի լու­ծար­ման նիս­տին, վար­չա­պե­տին ներ­կա­յա­ցու­ցած տե­ղե­կա­գի­րին ընդ­մէ­ջէն, որ աղա­ղա­կող վկա­յու­թիւն մըն էր, թէ ընտ­րա­պայ­քա­րը ինչ­պի­սի դր­սե­ւո­րում­նե­րով պի­տի զար­գա­նայ: Փաս­տօ­րէն, վար­չա­պե­տին ճա­ռը այ­լա­պէս ալ երա­զա­յին, ցան­կա­լի ներ­կա­յա­ցումն էր իր կա­ռա­վա­րու­թեան երեք տա­րի­նե­րու ըրած­նե­րուն եւ չը­րած­նե­րուն: Ան չմոռ­ցաւ քիչ մը ամէն բան վե­րագ­րել իրեն ու իր վար­չա­կազ­մին, մին­չեւ իսկ… նա­խա­գահ Պայ­տը­նի կող­մէ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռին որ­դեգ­րումն ու ան­կէ աւե­լի քան տա­րի մը առաջ, ամե­րիկ­եան խորհր­դա­րա­նի եր­կու տու­նե­րուն որ­դեգ­րած բա­նա­ձե­ւե­րը, ուր պաշ­տօ­նա­պէս ճա­նա­չում կը գտ­նէր Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: (Մարդս կը տար­ուի մտա­ծե­լով, որ արդ­եօք Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը ի՞նչ դեր ու­նե­ցած է Հրատ մո­լո­րա­կը պե­ղող հր­թիռ-ար­բան­եա­կին ծրա­գի­րին մէջ):
Այլ դի­պուկ օրի­նակ մըն էր «տըն­տե­սա­կան նուա­ճում­ներ»ու հա­ւաս­տի­քը: Մար­դիկ վս­տա­հա­բար հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ եւ բա­րեսր­տութ­եամբ պի­տի հա­ւա­տա­յին, եթէ վար­չա­պե­տը սրտ­բա­ցօ­րէն ըսէր, որ հա­մա­ճա­րակն ու ահա­ւոր վնաս­նե­րով վերջ գտած պա­տե­րազ­մը շատ ծանր վնաս­ներ հաս­ցու­ցած են երկ­րի տն­տե­սու­թեան, որ աւե­լի քան 7.5 առ հա­րիւ­րի ան­կում կրած է անց­եալ տա­րի, սա­կայն ան կը նա­խընտ­րէ մնալ իրա­կա­նու­թե­նէ կտր­ուա­ծի կօ­շիկ­նե­րուն մէջ, կը խօ­սի տն­տե­սա­կան վե­րել­քի մա­սին (սխալ չհաս- կց­ուինք. չու­զո­ղը չենք, սա­կայն ցան­կա­լի չէ, որ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մի օրե­րուն տա­րած­ուած խա­բէ­ու­թիւնը այլ կալ­ուած­նե­րու վրայ շա­րու­նա-կ­ուի աւե­լի քան վեց ամիս ետք…): Իսկ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րէ հե­ռու ապ­րե­լու եւ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը շըր- ջ­ուած կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն վար­քա­գի­ծը այլ դր­սե­ւո­րում­ներ ալ կը գտ­նէ՝ մի՛շտ ընտ­րա­կան յե­տին նպա­տակ­նե­րով, այն­քան մը, որ Մար­դու Իրա­ւանց Պաշտ­պան յանձ­նա­խում­բի վա­րի­չը պար­սա­ւան­քի թի­րախ կը դառ­նայ, իբ­րեւ թէ խե­ղա­թիւր­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը տա­րա­ծէ Սիւ­նի­քի եւ անոր անա­պա­հո­վու­թեան մա­սին: Մեկ­նա­բան­նե­րու նկա­տո­ղու­թե­նէն չի վրի­պիր, որ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան ալ նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ թի­րախ ընտ­րած է նոյն պաշ­տօ­նա­տա­րը (ի դէպ, սա հազ­ուա­դէպ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն է, որ ոգի ի բռին կը պայ­քա­րի՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար թուրք-ազեր­ի­ա­կան հա­կա­հայ ար­շաւ­նե­րը…):
Շուշիի օրի­նա­կով, կա­րե­լի է կանգ առ­նել նա­եւ ան­տե­ղի կեր­պով ընտ­րա­պայ­քա­րի «խա­ղա­քար­տի» վե­րած­ուած այլ հար­ցե­րու վրայ եւս, սա­կայն 9 Մա­յի­սի տօ­նին վի­ճա- կ­ուած ան­բա­րե­յոյս ճա­կա­տա­գի­րը, այս դի­տան­կիւ­նէն, բա­ւա­րար է լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու հա­մար դա­ժան իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը:
Այս պատ­կե­րը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, կ’ար­ժէ անդ­րա­դառ­նալ նա­եւ ընտ­րա­պայ­քա­րէն ԻՍ­ԿԱ­ԿԱՆ ակն­կա­լիք­նե­րուն, որով­հե­տեւ այս ընտ­րա­պայ­քա­րը ԸՆ­ԹԱ­ՑԻԿ ու սո­վո­րա­կան, նա­խըն­թաց­նե­րը նմա­նա­կող փուլ չէ: (Քիչ մը ման­րա­մասն՝ յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան