Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, նախագահական ընտրութիւններու բարձրագոյն դատական յանձնախումբի անդամ Մուխլէս Քայսիէ յայտնեց, որ սուրիական բոլոր նահանգներուն մէջ դատական յանձնախումբերը առաւօտեան ժամը 6:30-ին լրատուամիջոցներուն եւ դէտերուն ներկայութեամբ քուէատուփերը ստուգեցին, իսկ քուէարկութիւնը սկսաւ ժամը ճիշդ 7:00-ին։
Քայսիէ շեշտեց, որ առաջին վայրկեաններէն իսկ բազմաթիւ քաղաքացիներ ներկայացան քուէարկութեան կեդրոններ՝ մասնակցելու համար նախագահական ընտրութիւններուն։