Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամերէն հազարաւոր սուրիացիներ ուղղուեցան դէպի քուէարկութեան կեդրոններ՝ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։
Այս առիթով Սուրիա ժամանած են արաբական եւ եւրոպական լրատուամիջոցներ, որոնք տարածուած են սուրիական բոլոր նահանգներուն մէջ՝ փոխանցելու ժողովուրդի քուէարկութեան պատկերը ողջ աշխարհին։
Այսօր սուրացիները միասնակամ կեցուածքով կը վկայեն, որ Սուրիոյ ժողովուրդը կառչած է իր երկրին եւ միայն ի՛նք իրաւասու է Սուրիոյ ապագան ուրուագծելու։
Յիշենք, որ Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնի թեկնածուներն են՝ Ապտալլա Սալլում Ապտալլա, Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատ եւ Մահմուտ Մըրաի։